ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ՆԱԽԱՀԱՅՐԵՐՈՒՆ ԲԵՌԸ

ԱՆՈՒՇ ՊԱՆԻՔԵԱՆ

Գծագրութիւն՝ ԱԼԻՍԱ ԻԳԻԹԵԱՆ

Շատ ծանր է այն բեռը, որ հայ նոր սերունդը՝ արդէն գանած եւ յոգնած, կը շալկէ իր ուսերուն։

Քանդել մեր փոքր մեծերուն արմատ նետած տախտակէ, դիւաբեկ, փտած սիւները, որպէսզի նորոգուած հողի մը վրայ վերաշինուի քարաշէն կայուն տուն մը։

Քանդելը շինելէն աւելի ուշադրութեամբ պէտք է ըլլայ, որովհետեւ բեկորները կրնան վիրաւորել։

Շինեցէք, շինեցէք որքան որ կ’ուզէք լխկած տախտակներով, վախնալով վիրաւորելէ, բարձի-թողի գործունէութեամբ, գոռոզութեամբ, գողեր, աւազակներ, բայց գիտցէք, որ նոյնիսկ զեփիւռը կարող է ձեր ախոռները աւերել։ Ուրեմն իմացէք, որ առանց քանդելու չէք կրնար շնորհքով տուն մը շինել։

Արդեօք երբուընէ՞ ի վեր նոր սերունդները հզօր ալիքներու դէմ թիավարելէն յուսահատ իրենց կարգին կը դառնան հին սատկած սերունդ։ Օհ, շատոնցէ ի վեր գէշ սովորութիւնները մեր ծիները խեղդած են։ Չի բաւեր այլեւս ըսել, որ հնադարէն եկած վերջին ազգերէն մէկը ըլլալով դեռ կանգուն ենք։ Այսօր այս խօսքերը չեն բաւեր։

Ամէն ժողովուրդ իր մասնայատկութիւնը ունի, բայց ինչի՞ կը ծառայէ կանգուն մնալ, եթէ մեր ինքնութիւնը խեղաթիւրուած է։ Այսօր ո՞վ է հայը, ի՞նչ կ’ընէ միջազգային գետնի վրայ, ինչի՞ կը ծառայէ, կարողութիւն եւ իրաւունք ունի՞ դեռ պայքարելու։

Պայքար, պայքար, պայքար, … մեր ծուծը այդքան ծծեցիք, որ արիւն չմնաց թափելիք։

Այսօր մեր ապագան, մեր երիտասարդ առողջ սերունդին մէկ մասը նահատակուեցաւ, այսօր մեր անցեալը, մեր պատմական կառոյցներուն մնացած մէկ մասն ալ վտանգի ենթակայ է։

Մնաց ներկան։ Մնաց ներկան ինչպէս 1915-ին, ինչպէս ամէն գլուխի աւարտ։

Յուսանք, որ մեր գիրքին վերջին գլուխը չէ այս, բայց ատիկա այլեւս կատարելապէս կախեալ է մեր շինելիք տան հիմերէն։

11 Նոյեմբեր 2020

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան