ԱՆԻ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ
Մենք առաջին սերունդն ենք, որ մեծցած է գիտնալով եւ վստահ ըլլալով, որ ազատ, անկախ Հայաստան գոյութիւն ունի։
Աքսորի ենթարկուած մեր մեծ ծնողները պիտի երազէին այս նոր հայրենիքը ճանչնալ։ Այսօր, իրենց հանդէպ պարտական կը զգամ մեզի ժառանգուած այս հողի վերջին կտորը խնամելու եւ գուրգուրալու անոր։
Համոզուած եմ, որ բոլոր ժողովուրդները ինքնորոշումի իրաւունք ունին եւ մտահոգ եմ, որ այդ իրաւունքը կայսերապաշտական իշխանութիւնները շատ հանգստօրէն տրորեն։ Մտահոգ եմ ո՛չ միայն Հայաստանի համար, այլ կտոր մը հողերու բոլոր բնակիչներուն համար, որոնք կը փափաքին ազատ ապրիլ։
7 Հոկտեմբեր 2020