ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՄԵՐՕՐԵԱՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ԱՌԹԻՒ ԾԻԾԵՌՆԱԿԻ ՀԱՐՑՈՒՄԻՆ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ
ԾԻԾԵՌՆԱԿ. Երիտասարդներ, դուք որ ծնած էք Ֆրանսա, կամ գոնէ մեծցած էք այստեղ եւ կը համարուիք ֆրանսացի, ինչպէ՞ս բացատրել, որ Հայաստանի մէջ պատահող դէպքերը այսքան կը յուզեն ձեզ, այսքան կ’անհանգստացնեն։
ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ.
ԳԱՅԱՆԷ ՏՈՒՄԱՆԵԱՆ
Երբ Հայաստանը յարձակումի կ’ենթարկուի, կը զգամ, որ իմ ինքնութիւնս վիրաւորուած է: Կը ցաւիմ, կարծես մէկը վրաս կոխէր եւ չձգէր, որ շունչ առնեմ, կարծես մէկը չուզէր, որ ես մնամ ինչ որ եմ։ Այս ցաւին հետ կայ նաեւ զայրոյթ: Արդեօ՞ ք հայուն կեանքը արժէք ունի համաշխարհային բեմին վրայ։
ՍԵՒԱՆ ԱՒԱՏԻՔՕՂԼՈՒ
Նախ եւ առաջ, ինքզինքս հազար անգամ աւելի հայ կը զգամ քան ֆրանսացի՝ մարդկային, ընտանեկան, մշակութային կամ հայրենասիրական արժէքներու տեսակէտներով։
Կրնամ տալ նաեւ երկրորդ պարզ բացատրութիւն մը: Շատ լաւ կը յիշեմ վերջին անգամ, երբ լացի։ 2015 էր, երբ առաջին անգամ ոտքս Հայաստան դրի: Չեմ կրնար բացատրել ինչո՞ւ կամ ինչպէ՞ս, բայց պատահեցաւ։ Խաղաղութեան եւ հանգստութեան զգացումներ զիս առին տարին։ Հայաստանը մէջս կ̕’ապրի:
Այս անձնական պատճառներուն կ̕’աւելնայ անարդարութեան զգացումը։ Ինծի համար ամենէն անտանելին աշխարհի անտարբերութիւնն ու անմարդկութիւնն է։ Աշխարհի կառավարութիւնները տեղեակ են, բայց չեն շարժիր։ Պատիւն ու արդարութիւնը այլեւս գոյութիւն չունին, կառավարութիւնները միայն մէկ աստուծոյ առջեւ ծունկի կու գան. դրամի։ Այս վիճակին մէջ եթէ մենք համապարտ չըլլանք մեր հայրենիքին, հապա ո՞վ պիտի ըլլայ, եթէ չցաւինք, ո՞վ պիտի ցաւի: Արցախին խնդիրը լուրջ է, որովհետեւ, ինչպէս որ Մոնթէ Մելքոնեանը ըսաւ, “եթէ կորսնցնենք Արցախը, կը դարձնենք մեր պատմութեան վերջին էջը”։
Մէկ խօսքով ամփոփելու համար, մենք ենք մեր սարերը։
ՆԱԹԷԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԵԱՆ
2016-ի կռիւէն ետք թշնամին անգամ մը եւս յարձակեցաւ մեր հայրենիքին վնաս հասցնելու համար, կարծելով թէ խնդիրը պիտի լուծէ իր օգտին։ Մեր ժողովուրդը անդադար պայքարի մէջ է պատշաճ կեանք մը ձեռք բերելու համար, կը փորձէ սրբագրել անցեալի բարդութիւնները, կ’ուզէ դուրս գալ ընկճուածութենէն։ Բայց ահաւասիկ անգամ մը եւս անարդար ձեւով դրացի երկիրները կը միանան Հայաստանը տկարացնելու, կը փորձեն ոչնչացնել ոտքի կանգնելու անոր ջանքերը։
Յուզիչ է այն խորհուրդը, որ հայ ժողովուրդը ո՛ւր որ ալ գտնուի պէտք է պայքարի։ Մենք՝ որպէս սփիւռքահայ կը պայքարինք մեր լեզուին, պատմութեան եւ հարուստ մշակոյթին համար։ Անշուշտ թէ կը փափաքինք մեր հայրենիքը վերադառնալ, որ դադրինք այլեւս մեր ինքնութիւնը գտնելու համար պայքարելէ, քանի հաստատուած ենք զարգացած երկիր մը, որ մեզի չի պատկանիր։ Բայց թշնամիին ծրագիրներէն մէկն է հարկադրել մեզի այս կացութիւնը։
Ամենայնդէպս, այս յարձակումներէն չենք վախնար եւ պիտի շարունակենք վերակառուցել անոնց պատճառած կորուստները։
ԵՐԱԶ ՊԱՆԻՔԵԱՆ
Յուզուած եւ բարկացած եմ։
2020 տարին դժուար եղաւ աշխարհի բազմաթիւ ժողովուրդներու համար։ Հաւաքականութիւններ քանիցս ոտքի ելան, որ մարդկային իրաւունքներ եւ պատիւ պաշտպանեն եւ արդարութիւն պահանջեն, հայը՝ հայաստանցին կամ սփիւռքահայը մասնակցեցաւ այդ պայքարներուն, որովհետեւ ծանօթ է անարդարութեան։
Դժբախտաբար մեր պայքարը արձագանգ չունի միջազգային դիւանագիտութեան մէջ։
Հինէն գիտցուած լեղի իրականութիւն մըն է, բայց հին ըլլալուն չափ եւ աւելի՝ անընդունելի։
ԱԼԻՍԱ ԻԳԻԹԵԱՆ
Կը տեսնեմ, որ հայ զինուորի կեանքը կը գողնայ թշնամին։ Ուժեղ ջղայնութիւն կը զգամ։ Ես իրօք կը վախնամ մեր երկրի շարունակութեան համար։ Շատ շատ երկար կը տեւէ այս պատմութիւնը…
ՆՈՅԵՄԻ ՇԱՀՄԻՐԵԱՆ
Ես կը յուզուիմ, որովհետև արեւմտեան երկիրներու սովորական մարդը (օրինակ՝ ֆրանսացին) չի գիտեր ինչեր կը կատարուի մերին սահմաններուն մէջ։ Մեծ կառավարողները, ընդհակառակն, շատ լաւ տեղեակ են կացութենէն եւ բան մը չեն ըներ։ Գուցէ իրենց համար շատ աննշան երկիր մըն է Հայաստանը։
Մենք սփիւռքահայ ըլլալով, թերեւս հեռու մեր հողերէն, պէտք չէ մոռնանք մեր պատմութիւնը, մեր հայրենիքը եւ դատապարտենք անարդարութիւնը։
ԱՐԵԳ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Երեւակայեցէք տանտէր մը, որ յարձակումի ենթարկուի եւ հազար տարիէ իվեր իր ապրած տունէն վռնտուի ու արգելքներու առջեւ դրուի, որպէսզի տունը ետ չառնէ. Արցախի այսօրուայ վիճակն է: Մենք ենք այս հողերուն տանտէրերը եւ աշխարի մէջ ուր որ ալ գտնուինք, այս հողերուն յարձակողը ամբողջ հայութեան վրայ յարձակած կ’ըլլայ:
ԱՆՈՒՇ ՊԱՆԻՔԵԱՆ
Տխուր վիճակ մըն է, որովհետեւ մեզմէ զատ մէկը չի կրնար հասկնալ մեր զգացումը։ Կը մնանք մինակ թէ՛ մեր զգացումներով եւ թէ՛ պատերազմի դաշտին վրայ։ Հայ ժողովուրդը ունի-չունի փոքր հողամաս մը ունի, ուր մէկ ոտքով հազիւ վրան կը կանգնի իր հաւասարակշռութիւնը գտնելու համար։
Ամէն անգամ, որ այդ երկիրը վնասուի, մեր հաւասարակշռութիւնը կը կորսնցնենք, մեզի համար վախնալիք է եւ ցաւալի։
Ընտանիք մըն ենք. բնական է լալ երբ փոքրիկ եղբայրդ կեանքէն բան մը չտեսած կը զոհուի, որ դուն հաւասարակշռութիւնդ պահես եւ դիմանաս այս վայրի աշխարհին մէջ։
29 Սեպտեմբեր 2020