ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ՄԱՀԸ ԵՐԷԿ ԵՒ ԱՅՍՕՐ. ՄԱՍ Ա.

ՍԵՒԱՆ ԱՒԱՏԻՔՕՂԼՈՒ
Զրուցավար, նիւթը հայթայթող
Զրոյցը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 29 Օգոստոսին։

ՄԱՀԸ

Մահը…։ Բաւական տարօրինակ նիւթ մըն է յօդուած գրելու համար։ Եթէ մէկը միւսին հարցնէ. «Ի՞նչ է քու կարծիքդ մահուան մասին», շատերը պիտի պատասխանեն.«Ախ, ասանկ բաներուն մասին մի խօսիր», կամ ալ՝ «Ես կեանքս լաւ ապրեցայ, մահէն չեմ վախնար»։ Միեւնոյն ժամանակ, գէշ միտքերը հեռացնելու համար տախտակէ իր մը կը փնտռեն դպնալու։ Մինչեւ այս վիճակին հասնիլը, մահը տարբեր իմաստներով հանդէս եկած է պատմութեան ընթացքին։ Ուստի միասին պիտի սերտենք այն հանգրուանները, ուրկէ  անցած է մահը եւ հասած՝ արեւմտեան  այժմու ընկերութիւններուն։

Սկսելու համար, պիտի փորձենք բացատրել մահուան գաղափարը։ Գիտական տեսակէտով մահ կը նշանակէ ապրելէ դադրիլ, կենդանութիւնը կորսնցնել։ Այսպիսով, կրնանք ըսել, որ կեանքը եւ մահը հակադիր են, բայց նաեւ լրացուցիչ։ Արդարեւ, առանց կեանքի մահը գոյութիւն չունի եւ նմանապէս՝ առանց մահի կեանքն ալ գոյոթիւն չունի։ Տեղ մը, մահն է որ կեանքին արժէքը կու տայ: Օրինակի համար, իբր երիտասարդ, շատ բաներ կ’ուզենք տեսնել կամ ընել, որովհետեւ գիտենք, որ օր մը ժամանակնիս պիտի գայ։ Մահը ապրելու պատճառ մըն է։

Ուրիշ կարեւոր տեսակէտ մը կայ. Պղատոնինը։ Իրեն համար, մահը հոգիին  եւ մարմնին բաժանումն է։ Այսինքն հոգին մարմինը կը ձգէ եւ կը բարձրանայ դէպի վեր, դէպի գաղափարներուն աշխարհը։ Մինչեւ հիմա կ̕ ըսենք, որ մենք կը մեռնինք, բայց մեր գաղափարները կը վերապրին։

Քիչ մը աւելի հեռու երթալու համար եւ պատմութեան ընթացքին մահուան գաղափարին դերը հասկնալու համար, պէտք է մահուան եւ կրօնքներուն մինչեւ յարաբերութիւնը հասկնալ եւ հաստատել։

Պուտտայի հետեւորդներուն համար մահը անցք մըն է դէպի ուրիշ կեանք: Սակայն, բարձր մակարդակով պուտտայականներուն համար, որոնք «արթուններ» կը կոչուին, մահուընէ ետք բան չկայ: Անոնք կը ննջեն հասնելով Նիրվանա՝ ոգեկան դրախտ մը կամ անձնական վիճակ մը, ուր որ անգիտութիւն չկայ, ուր որ արթունները խաղաղութիւն մը գտած են իրենց մէջ։

Երեք գլխաւոր միաստուածեան կրօնքներուն համար, մահը բաժանում մըն է. բարձրանալու ատեն մեր հոգին կը դատուի եւ կ̕ երթայ դրախտ կամ դժոխք։ Եհովայի վկաներուն համար մահը ճիշտ կեանքին հակառակն է, մահուընէ ետք բան մը չկայ։ Մեռեալները միայն յարութեան կը սպասեն։ Ամէն պարագայի, կրօնքները մեր կեանքին ուղղութիւն մը կու տան մահը բացատրելով եւ այդպիսով՝ մահուան հանդէպ վախը թեթեւցնելով։

Հիմա, որ մահուան եւ կրօնքներուն միջեւ յարաբերութիւնը քիչ մը հաստատեցինք, թերեւս աւելի դիւրին ձեւով պիտի կարենանք հասկնալ մահուան գաղափարին դերը մեր այսօրուան ընկերութեան մէջ։

Ինչպէս տեսանք, միաստուածեան երեք գլխաւոր կրօնքներուն շնորհիւ շատ երկար ատեն ընդունուած էր, որ մահուընէ ետք ուրիշ կեանք մը կար եւ դրախտ երթալու համար պէտք էր, որ լաւ վարուէինք ա΄յս կեանքին ընթացքին։ Այդ ժամանակներուն, մահուան հանդէպ շատ վախ չկար, վախը դժոխքի հանդէպ էր։ Օրինակի համար, Խաչակրութիւններու ժամանակ,  թագաւորները պատերազմի կոչ կ’ուղղէին մարտիկներուն ըսելով. «Յիսուսի համար պիտի կռուիք»։ Մարդիկ առանց շատ մտածելու պատերազմի կ̕ երթային, որովհետեւ ինչ որ ալ ըլլար, իրենց կեանքը Յիսուսի նուիրած էին եւ եթէ մեռնէին, վստահաբար իրենց տեղը դրախտը պիտի ըլլար։

Կարծիքովս, պատմութեան ընթացքին ատեն մը եկաւ, երբ կրօնքներուն դերը տկարանալ սկսաւ,  մինչդեռ գիտութիւնը շարունակեց յառաջանալ։ Մարդիկ ո´չ թէ Աստուծոյ, այլ իրե´նց համար սկսան ապրիլ։ Դրախտին եւ դժոխքին պատմութիւնը բաւարար չէր այլեւս եւ ուրիշներուն կեանքերը տեսնելով, այսինքն տեսնելով ինչ որ կարելի է կատարել կեանքի մը ընթացքին, մարդիկ ուզեցին աւելի երկար ապրիլ, աւելի շատ տեղեր տեսնել եւ վայելել։ Այս նպատակը իրականացնելու համար ամենակարեւոր արգելքներէն մէկը մահն էր, այնպէս որ կեանքը երկարացնելու համար մարդիկ սկսան մահուան դէմ պայքարիլ. այսպիսով՝ մահը կամաց-կամաց սարսափելի, վախցնելիք բան մը դարձաւ, որմէ անպայման պէտք է խուսափիլ։ Աստիճանաբար անձը դարձաւ կեանքի կեդրոնը եւ մարդկութիւնը կեդրոնական տեղ մը առաւ կեանքը երկարացնելով կամ ընդհատելով։ Մարդը սկսաւ ինքզինք Աստուծոյ տեղը առնել, մտածելով որ ամէն ինչ ի´նք կրնայ ղեկավարել, նոյնիսկ մահը։

Ո՞վ գիտէ մինչեւ ուր պիտի երթայ մահուան դէմ պայքարը։ Արդեօ՞ք օր մը մարդկութիւնը պիտի կշտանայ:

2 Սեպտեմբեր 2020

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան