ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐՈՒ ԲԱԽՈՒՄԸ. ՄԱՍ Է. եւ վերջ

ՆՈՅԵՄԻ ՇԱՀՄԻՐԵԱՆ

ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻ՞  ԱՐԴԵՕՔ ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐՈՒ ԲԱԽՈՒՄ

Յաճախ կը հաւաքուինք երիտասարդներով զրուցելու տարբեր նիւթերու շուրջ։ Այս անգամ զրուցեցինք սերունդներու բախումի մասին։ Այստեղ կը ներկայացնեմ միտքերս այս նիւթին շուրջ։

Առաջին կէտը,  որ ուզեցի պարզել, բախում  բառն էր։ Ինծի համար ասիկա շատ զօրաւոր կը թուի։ Մինչեւ հիմա ես չեմ գտնուած որեւէ կացութեան մէջ, ուր պէտք էր բախում բառը գործածէի սերունդներու յարաբերութեան ակնարկելով։ Կ’ընդունիմ, որ կրնան դէպքեր պատահիլ ընտանիքի մէջ ծնողներու եւ զաւակներու կամ թոռնիկի ու մեծ ծնողներու միջեւ։

Ինչո՞ւ արդեօք տեղի կ’ունենայ միտքերու կռիւը։ Անշուշտ ծնողները ունին կեանքի փորձառութիւն, որ սակայն պատճառ մը չէ, որ ականջ չդնեն իրենց զաւակներու միտքերուն եւ չփորձեն հասկնալ զանոնք։ Ասիկա կարեւոր է մանաւանդ պատանիներու պարագային, որոնց համար անհրաժեշտ է խօսիլը եւ փորձառութիւն շահիլը։ Մարդիկ պատանի տարիքին կը սկսին հասկնալ թէ ով են, ինչ նպատակ ունին ապագայի  համար։ Բազմաթիւ փոփոխութիւններու կ’ենթարկուին թէ՛ մարմինով,  թէ՛ հոգիով։

Ծնողքին գործն է ուղղութիւն տալ երեխային, ամէն ինչ ընել, որ երբ ժամանակը գայ ան կարողանայ անկախ ձեւով իր կեանքին տէրը ըլլալ։ Բացարձակապէս պէտք չէ զսպէ զաւակին (որոշ նիւթերու շուրջ) ազատ արտայայտութիւնը, չստիպէ, որ ան կատարէ միայն իր կամքը, ընտրէ իր նախասիրած մասնագիտութիւնը, օրինակ՝  բժշկութիւն կամ իրաւաբանութիւն։

Ծնողները կը փոխանցեն սորվելու փափաքը եւ աշխատասիրութիւնը, բայց զաւակին ընդունածն ու հասկցածը իր բնութեան հետ կապ ունի։

Դաստիարակութիւնը ազատութիւններու եւ արգելքներու բարդ հաւասարակշռութիւն մըն է։ Ինքնութիւնը գտնելու համար ազատութիւնը էական է։ Փնտռել, փորձել, ապա ընտրել ամենայարմարը։ Բայց նկատի ունիմ նաեւ այն վտանգները, որոնց մասին տեղեակ չեն ըլլար պզտիկները եւ որոնք կը յայտնուին մեծնալով, հասուն տարիքին։

Եթէ երկու կողմէն հասկացողութիւն եւ յարգանք ըլլայ, բախում չ’ըլլար, նոյնիսկ եթէ կարծիքներն ու որոշումները շատ տարբեր ըլլան։

Իր ժամանակին հետ պէտք է ապրի որեւէ տարիքի ոեւէ մարդ։

Պէտք է, որ նոր սերունդներու տղաները եւ աղջիկները հին սերունդներու գործերը յառաջ տանին։

23 Յունիս 2020

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան