ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐՈՒ ԲԱԽՈՒՄԸ. ՄԱՍ Զ.

ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐՈՒ ԲԱԽՈՒՄ, ԱՆՈՒՇ ՊԱՆԻՔԵԱՆ

ԱՆՈՒՇ ՊԱՆԻՔԵԱՆ

ԵՐԿՈՒ ՍԵՐՈՒՆԴ ՆԵՐՔԻՆ ԲԱԽՈՒՄԻ ԵՆԹԱՐԿՈՒԱԾ

Մեզի ներկայացուեցան ըստ Էրիքսոնի մարդու զարգացման ութ փուլերը: Ութ փուլերը իրարմէ կախեալ են։ Երեխան կամ չափահասը (երբեմն միայն արտաքնապէս) պէտք է յաջողի լաւ ձեւով անցընել իւրաքանչիւր փուլը, որ միւսին անցնի։ Փուլերը կը ներկայանան, ըստ իս, խաղի մը մակարդակներուն պէս, որոնց ընթացքին երեխան երկու հակասութիւններու միջեւ գտնուելով անոնց բախումին կ’ենթարկուի: Շրջանակին օգնութեամբ ու ընդհանրապէս ծնողքէն տրուած գործիքներով կը սնուցանէ երկու հակառակ բնաւորութիւններէն մէկը, որ բախումի վիճակէն ելլէ:

Որոշ տարիքի մը, անձը ընտանեկան շրջանակէն կը հեռանայ: Իմ կարծիքովս, եթէ մինչեւ այդ տարիքը իր անցուցած փուլերուն բախումները չէ յաղթահարած ճիշդ ձեւով, չի կրնար բարօր կեանք մը ապրիլ.  վստահութիւնը, ինքնավարութիւնը, նախաձեռնութիւնը, ինքնութիւնը, աշխատանքը, մտերմութիւնը կրնան պակսիլ իրեն:

Ներքին բախումը անխուսափելի է, այդ է անձի մը բնաւորութեան հիմը: Այդ բախումին արդիւնքն է, որ կը կողմնորոշէ անոր բնաւորութիւնը։

Էրիքսոնը շեշտեց իմ կարծիքս. մօրմէ մը տրուած գորովը կ’ուղղէ երեխային ամբողջ բնաւորութիւնը եւ հոգեբանական հաւասարակշռութիւնը: Փուլերու ընթացքը կախեալ է ծնողքէն եւ մանաւանդ մօրը տուած ուշադրութենէն եւ արարմունքէն (action).

Առաջին, ծնողքը պէտք է թոյլ տայ, որ բախում ըլլայ:

Երկրորդ, պէտք է օգնական գործիքներ տայ երեխային, որ ճիշդ որոշումներ տայ եւ հաւասարակշռուած կեանք մը ապրի:

Բայց հարցը հետեւեալն է. արդեօ՞ք ծնողքը այս կարողութիւնը ունի։

Ծնողքն ալ փուլերէ կ’անցնի, ինքն ալ եղած է երեխայ եւ ապրած է ու դեռ կ’ապրի ներքին բախումներ: Իր միջավայրը այդ բախումներու հետեւանքներուն վրայ շատ մեծ ազդեցութիւն ունի:

Այս երկու սերունդները կը տարբերին իրենց գտնուած մակարդակներով, մէկը միւսէն սպասումներ ունի իր պակասութիւնները լրացնելու համար։ Երիտասարդութիւնը իր ինքնութիւնը կը փորձէ շինել կայուն կեանք մը ունենալու համար: Իսկ չափահասները կա՛մ ունին կայուն կեանք եւ կ’ուզեն ընկերութեան ձգել իրենց լաւ հետքը եւ յաջողութեան զգացում ունենալ, կա՛մ ալ սխալ կողմնորոշում ընդունած ըլլալով ի վիճակի չեն իրենց ժառանգութիւնը ձգելու: Ահա թէ ինչու այն մեծերը, որոնք չեն կրցած յաղթահարել բախումը ճիշդ ձեւով,  իրե՛նք խեղդուած ըլլալով կը խեղդեն նաեւ նոր սերունդին ընթացքը:

22 Յուլիս 2020

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան