ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐՈՒ ԲԱԽՈՒՄԸ. ՄԱՍ Ե.

ՍԵՒԱՆ ԱՒԱՏԻՔՕՂԼՈՒ

ՙԱՄԷՆ ԻՆՉ ՄԷԿ Է՚

Բախում  բառի իմաստը զօրաւոր թելադրականութիւն մը կրնայ ունենալ։ Կը կարծեմ որ ծայրայեղ մեկնութեամբ աւելի շատ գոյութիւն ունի արեւմտեան ընկերութիւններուն մէջ: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ, իմ կարծիքովս, արեւմտեան ընկերութիւններուն մէջ երիտասարդները աւելի դիւրութեամբ իրենց ծնողներուն դէմ կ’ելլեն։ Ասիկա անխուսափելի փուլ կը նկատուի պատանիին անձնական զարգացման համար եւ կը ճանչցուի իբրեւ պատանեկան տագնապ (crise d’adolescence):

Սակայն, բոլորովին նոյնը չէ հայկական ընկերութեան մէջ, ուր մանկութենէն սկսեալ զօրաւոր յարաբերութիւն կը մշակուի ծնողներուն հետ, որովհետեւ ընտանիքին դերը կարեւոր եւ յարգուած է: Հետեւաբար, չեմ կարծեր որ ուժգին բախումները տարածուած երեւոյթ ըլլան հայկական միջավայրերու մէջ։ Եթէ նոյնիսկ գոյութիւն ունին, ըստ իս, սերունդի առնչուած բախումներ ըլլալէ աւելի անձնական բնոյթ կը կրեն։  

Միւս կողմէն, իբրեւ պարզ հակադրութիւն, եթէ աւելի մեղմ մեկնութիւն մը տանք բախում բառին, հարկաւ որ տարբերութիւններ կան զանազան սերունդներու միջեւ։ Անոնք կրնան վերաբերիլ ճարտարարուեստի, դաստիարակութեան կամ մտածելակերպի (օրինակ՝ այս վերջին տարիներուն նոր կեցուածքներ ճշդուեցան կարգ մը երեւոյթներու հանդէպ, ինչպէս միասեռականութիւն, խառնամուսնութիւն, եւլ) ։  

Սակայն կը կարծեմ, որ այս տարբերութիւններուն պէտք է նայիլ ո՛չ թէ իբրեւ հակադրութիւն, այլ իբրեւ լրացուցիչ տեսակէտներ, որպէսզի կարենանք յառաջանալ եւ քիչ մը ամբողջական մտապատկեր ունենալ կեանքի մասին։ Այս միտքին մասին Հերակլիտ ըսած է. ՙIl est sage que ceux qui ont écouté, non pas moi mais le Logos, conviennent que tout est un. Անոնք որոնք ոչ թէ ինծի, այլ Բանին մտիկ ըրած են, կը համաձայնին, որ ամէն ինչ մէկ է՚։

10 Յուլիս 2020

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան