ԱՆՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԹԻՒՆ, ԱՆՈՒՇ ՊԱՆԻՔԵԱՆ
ԱԼԻՍԱ ԻԳԻԹԵԱՆ
ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ԻՄ ՆԿԱՏՈՂՈՒԹԻՒՆՍ
Մարդու կեանքին մէջ, ծնած օրէն սկսեալ, բնականաբար տեղի կ’ունենան նորութիւններ եւ փոփոխութիւններ։
Էրիքսոնի տեսութեան ութ փուլերը
Էրիքսոնի տեսութեամբ, մարդը կը զարգանայ անցնելով հոգեբանական ութ փուլերէ, որոնց ընթացքին ան կը կողմնորոշուի.
առաջին փուլին՝ յոյսի եւ վախի միջեւ, երկրորդին՝ ինքնավարութեան եւ կասկածի, երրորդին՝ լաւի եւ վատի, չորրորդին՝ երբ արդէն վեց տարեկանը անց է եւ դպրոցական, լիարժէքութիւն ձեռք կը բերէ, կը սորվի մարդկային յարաբերութեան հիմերը։ Կարծիքովս, այս փուլին կը սկսի դժուարանալ մարդուն կեանքը եւ կրնան հոգեկան խոցեր յառաջանալ։ Հինգերորդ փուլին ինքնութիւնը կը փնտռէ եւ կը փորձէ հաւատալ իր միտքերուն։ Կը սորվի իր մասին, իր եսին, իր սեռական հակումներուն, եւլ։ Այս փուլին մեծահասակ դառնալ կը սկսի։ Վեցերորդ փուլին՝ արդէն հասուն մարդ, կը գտնուի սիրոյ եւ մեկուսացման կողմնորոշման առջեւ. կը յառաջանան ընտանիք ստեղծելու հարցումները։ Եօթերորդ փուլին, որ կը կոչենք յիսունականի ճգնաժամ, հարց կու տայ, թէ արդեօ՞ք յաջողած է մասնագիտական կեանքին մէջ, կրցա՞ծ է լաւ ընտանիք կազմել։ Ութերորդ եւ վերջին փուլին, յառաջացած տարիքի իմաստութեամբ կը հասկնայ՝ լա՞ւ, թէ՞ վատ ծերացեր է. զինք կը պարուրէ բաւարարուածութեան զգացումը կամ յուսահատութիւնը։
Ծնողք – զաւակ յարաբերութիւն
Ծնողք – զաւակ յարաբերութիւնը կարեւոր տեղ կը գրաւէ այս ընթացքին մէջ։
Այս երկու սերունդները կը տարբերին, քանի որ անոնք նոյն փուլերէ չեն անցնիր։ Ասիկա օգտակար է, որովհետեւ տարիքի տարբերութեամբ փորձառութիւնը աւելի կարեւոր կը դարձնէ ծնողքը։
Ան կրնայ խորհուրդներ տալ եւ օգնել իր զաւակներուն, հասկնալ անոնց աշխարհը։ Բայց այդ տարբերութիւնը կրնայ նաեւ բախումի վերածուիլ։ Շատ շուտ կրնայ ճեղքուածք յառաջանալ, որովհետեւ սերունդները տարբեր են։ Տարիքի տարբերութեան պատճառով երեխայ դաստիարակելը մեր պատկերացուցածէն աւելի դժուար կրնայ ըլլալ։
Ըսինք, որ բախումի պատճառ կրնայ ըլլալ այն, որ ծնողք եւ զաւակ նոյն փուլերէն չեն անցնիր։
Ծնողքը, ի հարկէ, կ’ուզէ ճիշդը ցոյց տալ իր զաւակին, օգնել, որ ան ծաղկի, աճի, զայն պաշտպանել, անոր փոխանցնել իր փորձառութիւնը։ Բայց ամեն ինչ մեր ուզածին պէս չ’ընթանար։
Զիրար չհասկնալը կը հասցնէ ճգնաժամի ու կը տուժեն երկու կողմերը։ Եթէ չկայ հաղորդակցութիւն, բախումը միշտ ալ ներկայ կ’ըլլայ, մանաւանդ, երբ ծնողք ու զաւակ մեծցեր են տարբեր երկիրներ, տարբեր պայմաններու եւ տարբեր մշակոյթներու մէջ։ Իրարմէ շատ տարբերուող ժողովուրդներ կան, օրինակ՝ Ամերիկայի եւ Հայաստանի ժողովուդները։ Այս կէտը պէտք չէ մոռնան ծնողները, երբ դաստիարակելու համար կը փորձեն զաւակին բացատրել կեանքի գաղտնիքները, ընտանիքի իմաստը, ու այս ձեւով իրենց սերունդին փորձառութիւնը կը փոխանցեն նոր սերունդին։
Իմաստութիւնը կու գայ փորձառութեան հետ։ Բայց այս չի նշանակեր, որ ծնողքը ամեն ինչ գիտէ եւ տեսեր է։ Միշտ չէ, որ ան ճիշդ է։ Ծնողները, մանաւանդ հայ, պէտք է ընդունին դաստիարակութեան մէջ իրենց սխալները։ Ոմանք զաւակներուն կը պարտադրեն իրենց տեսլականը, առանց հարց տալու, եթէ այդ ճիշտ է կամ ոչ։
Փորձառութեան օրինակներ կրնանք շատ գտնել, բայց ես հոս կը շեշտեմ կարեւոր կէտ մը՝ կեցուածքը։ Ինչպէ՞ս լուծել բախումը։ Հաղորդակցութիւնը կեցուածքին որոշիչ տեղն է, առանց անոր երկու սերունդներու միջեւ հասկացողութիւնը կը ձախողի ու տեղ կը բանայ բախումին։ Բախումի մէջ յոյսն ու վախը առկայ են։ Երեխան միշտ վախի մէջ է իր ծնողքին հանդէպ, եթէ ան խիստ է եւ պէտք եղած չափով ազատութիւն չի տար։ Այդ խստութիւնը օգտակար է, եթէ լաւ ձեւով ի գործ կը դրուի, թէ ոչ թունաւոր է եւ վնասակար։ Ազատ մանկութիւնը երեխային թոյլ կու տայ յոյսով ապրիլ, որովհետեւ ան չի տեսներ վախը եւ կը հաւատայ իր կարողութիւններուն։
Պէտք է ընդունինք բախումին գոյութիւնը եւ անկէ բխող ճգնաժամը, որպէսզի կարենանք զայն լուծել։ Արեւմտեան երկիրներու մէջ հայ ծնողները իրենց զաւակներուն հետ բախումը բացատրելու համար պէտք չէ այպանեն զանոնք համեմատելով արեւմուտքցի երիտասարդներուն հետ, կրկնելով, որ ահա փոխուեցան, հեռացան հայկական սովորութիւններէն, կորսնցուցին ինքնութիւն եւ ազգային արժէքներ։ Այս խօսքերը երբեք չեն օգներ։ Ընդհակառակը, շատ կը ցաւցնեն։
6 Յուլիս 2020
4 Responses
Ալիսա,
Մանրամասօրէն բացատրեցիր Էրիքսոնին ամենամեծ գործերէն մէկը։ Շատ ճիշդ ձեւով հասկցած ես փուլերուն կարեւորութիւնը։ Բայց չէմ կարծեր որ մէկ փուլը միւսսեն աւելի դժուար է։ Կը հաւատամ որ ամէն մէկ փուլ իր պահանզները եւ նեղութիւները ունի, տարիքին եւ անցին համեմատ։ Ընդհանրապէս, դժուարութիւները կ՛ըկըին լոյս տեսնել փոքր տարիքէն երբ զաւակ մը սէր եւ կայունութիւն չ՛ստանար։Բայց իրաւ է որ որչափ մեծնայ, այնքան դժուար փորձառութիւներու պիտի հանդիպի։
Գայեանէ
Ալիսա,
Մանրամասնօրէն բացատրեցիր Էրիքսոնին ամենամեծ գործերէն մէկը։ Շատ ճիշդ ձեւով հասկցած ես փուլերուն կարեւորութիւնը։ Բայց չեմ կարծեր որ մէկ փուլը միւսէն աւելի դժուար է։ Կը հաւատամ որ ամէն մէկ փուլ իր պահանջները եւ նեղութիւնները ունի, տարիքին եւ անձին համեմատ։ Ընդհանրապէս, դժուարութիւնները կը սկսին երեւնալ փոքր տարիքէն երբ զաւակ մը սէր եւ կայունութիւն չ՛ստանար։Բայց իրաւ է որ որչափ մեծնայ, այնքան դժուար փորձառութիւններու պիտի հանդիպի։
Շատ շնորհակալ եմ քո մեկնաբանության համար։ Ես ել համաձայն եմ քո ասած որ։
Շատ շնորհակալ եմ քո մեկնաբանութեան համար։ Ես էլ համաձայն եմ քո ասածին։