ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐՈՒ ԲԱԽՈՒՄԸ. ՄԱՍ Բ.

ՆԱԹԷԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԵԱՆ

ԵՐԿՈՒ ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐՆ ԱԼ ՈՒՆԻՆ ԻՐԵՆՑ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՒՈՒԹԻՒՆԸ

Սերունդներու բախումը ներկայ է մեր ամենօրեայ կեանքին մէջ եւ այս նիւթը ուսումնասիրելը կ’օգնէ, որ համբերատար գտնուինք իրարու հանդէպ։

Կը խորհիմ, թէ բոլորս հանդիպած ենք այս տեսակի բախումի նախ եւ առաջ մեր տան մէջ։

Շատ անգամ ծնողներու եւ զաւակներու միջեւ մտածելակերպի մի քանի տարբերութիւններ կ’ըլլան։ Այս տարբերութիւնները պայմանաւորուած են մանաւանդ կեանքի յառաջդիմութեամբ, որմով նոր սերունդը կը ստիպուի ծնողքին կարգ մը վարժութիւններէն դուրս ելլել։ Ասիկա անկասկած  մտահոգութիւն կը պատճառէ ծնողներուն եւ իրենց մէջ բոյն կը դնէ վախ մը, քանի կը մտածեն, թէ ՙմեր երիտասարդ եղած ատեն այսպիսի բան չկար՚, ՙարդեօք  ճի՞շտ է իրենց կարծիքը՚։ Եւ ահաւասիկ  հոն կը սկսի տեղաւորուիլ սերունդներու բախումը տան մէջ։

Այս պարագային, որպէսզի բախումը դիւրին ձեւով մեկնաբանեն, երկու տարբեր սերունդները ունին իրենց պատասխանատւութիւնը։ Ծնողները պէտք է հետեւին աշխարհի նորութիւններուն, որպէսզի կարենան հասկնալ իրենց զաւակներուն հետաքրքրութիւնները եւ զանազանել լաւը գէշէն։ Այսպիսով կը կարողանան մեղմացնել իրենց ներքին վախերը։

Միւս կողմէն, նոյնքան կարեւոր է, որ զաւակները ցոյց տան, թէ հասկցած են իրենց ծնողներուն արժէքները եւ կը պահեն, կը գործադրեն զանոնք, նոյնիսկ եթէ կարգ մը նորութիւններու հետեւին։

Սերունդներու բախումի կրնանք հանդիպիլ նաեւ մասնագիտական կեանքի մէջ։ Յաճախ նորաւարտ երիտասարդի մը միտքերը եւ գործելաձեւը տարբեր կ’ըլլան իր վարպետին վարժութիւններէն։ Երիտասարդը կրնայ յուսախաբ դառնալ, եթէ իր նոր եւ թարմ միտքերը չընդունուին եւ ստիպուի աւանդական ձեւով աշխատիլ։ Նոյնպէս ալ վարպետը, չընդունելով նորութիւնները, ժամանակ եւ ուժ կը կորսնցնէ։ Թարմ չի նշանակեր սխալ կամ տկար միտքեր, ընդհակառակը, ընկերութիւնները պէտք ունին նորութիւններու, որպէսզի կարենան հետեւիլ ժամանակի փոփոխութիւններուն, որոնք մեծապէս ազդեցութիւն ունին իրենց գործերուն վրայ։

Կարեւոր է, որ երկու սերունդները յարգեն իրարու միտքերը եւ իրարմէ օգտուին,  որպէսզի անընդհատ յառաջդիմեն։

Բոլոր պարագաներուն,  կ’անդրադառնանք, թէ սերունդներու բախումը կը ծագի երբ անհասկացողութիւնը վախ պատճառէ հին սերունդին եւ յուսահատութիւն՝ նոր սերունդին։ Կարեւոր է, որ յաճախ երկխօսութիւն տեղի ունենայ, երկուքը բաժնեն իրենց միտքերը եւ այսպիսով՝ վստահութիւնը հաստատուի։  

9 Յուլիս 2020

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան