ԳԱՅԱՆԷ ՏՈՒՄԱՆԵԱՆ
Զրուցավար, նիւթը հայթայթող
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՏՔԵՐ
ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐՈՒ ԲԱԽՈՒՄԻ ՄԱՍԻՆ
Յունիս 20-ին տեղի ունեցաւ երիտասարդական մեր խումբին զրոյցը։ Այս անգամ մեր նիւթն էր սերունդներու միջեւ գոյութիւն ունեցող բախումները։
Այս նիւթին մէջ առաջնորդուելու համար ծանօթացանք Էրիքսոնի տեսակէտին, որ ուղղութիւն տուաւ մեր մտածումներուն։ Էրիքսոն գերմանա-ամերիկացի ճանչուած հոգեբան մըն է։ Անոր աշխատանքը նուիրուած է մարդու կեանքին տարբեր շրջաններու սերտողութեան։
Էրիքսոն համոզուած էր, որ մարդ իր ծնունդէն սկսեալ կ’անցնի տարբեր շրջաններէ եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէ զանազան դժուարութիւններ, զորս ան պէտք է յաղթահարէ։ Երբ այդ դժուարութիւնները լուծուին ատենին, մարդ յաջող կերպով կ’անցնի յաջորդ շրջանին։ Բայց եթէ դժուարութիւնները չլուծուին իրենց ատենին, մէկ շրջանի դժուարութիւնները կը փոխանցուին յաջորդ շրջանին։
Զրոյցի ժամանակ փորձեցինք պատասխանել երեք հարցումներու. այդ ճամբով ընթացաւ մեր խօսակցութիւնը։
Առաջին հարցումի ընթացքին մտածեցինք, որ երբ կը դառնանք չափահաս, ազատ եւ ծնողներէն նիւթապէս անկախ, մեր բարօրութեան համար ի՞նչը պակաս կը մնայ, որ տակաւին ստացած չենք ըլլար մեր ծնողներէն կամ տուած չենք ըլլար մենք մեզի։ Պատասխանները միաձայնօրէն եղան՝ փորձառութիւն (որ նաեւ կապ ունի ժամանակի հետ) եւ ինքնավստահութիւն։
Ծնողներու, յատկապէս հայ ծնողներու տուած դաստիարակութիւնը շատ մեծ կշիռ ունի։ Անոնք կը փորձեն ամէն ձեւով ներկայ գտնուիլ զաւակներուն կեանքին մէջ, երբեմն նոյնիսկ անոնց ազատութեան արգելք դառնալով։
Խօսեցանք նաեւ բախումի պատճառներուն մասին։
Տարբեր սերունդներ բնականաբար կ’անցնին կեանքի տարբեր շրջաններէ։ Հաւանաբար այս տարբերութիւնը կ’ըլլայ բախումի պատճառ։ Բայց ինչո՞ւ։ Մի քանի պաճառ տրուեցաւ։ Յայտնի է, որ երբ մէկ սերունդը միւսին մասին հոգ կ’ընէ, (հինը նորին հանդէպ եւ հակառակը), կան սխալներ, որ մէկ սերունդը չ’ուզեր որ միւսը կրկնէ։ Առաւել, հին սերունդը ունենալով աւելի փորձառութիւն, կը նախընտրէ, որ իր ձեւով շարունակուին գործերը։
Խօսեցանք նաեւ վախի մասին։ Այն ինչ որ նոր է, վախ կը պատճառէ, մանաւանդ նոր սերունդէն հին սերունդին եղած խորհուրդները։
Խօսեցանք գաղթական սերունդին եւ նոր համայնքներու մէջ հաստատուելու առթիւ անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին։ Երբ գաղթած սերունդի մը համար դժուար կ’ըլլայ (կամ եղած է) հաւասարակշռութիւն գտնել, յաջորդ սերունդին անոր ձգած ժառանգութիւնը կ’ըլլայ անապահովութիւն կամ վախ։
Վերջապէս, հարց տուինք, որ արդեօ՞ք այս բախումները պէտք է նուազագոյնի իջեցնել, թէ՞ ընդունիլ, որ բնական են եւ պիտի անկասկած շարունակուին։ Բոլորս այն եզրակացութեան հասանք, որ սերունդներու միջեւ բախումները պիտի մնան։ Բախումները կը նշանակեն, որ մենք ողջ ենք ո՛չ թէ միայն մարմնով, այլ նաեւ գաղափարով։ Բախումը պէտք չունի բռնութիւն ըլլալու, այն ունի նոյնպէս լաւ մասեր։ Կը պարտադրէ, որ տարբեր մտածելակերպերու միջեւ հանդիպումներ կայանան, կը ստիպէ խոնարհիլ, ներել։
Սերունդներու միջեւ համակրական հասկացողութիւնով (empathie) բախումները կրնան դառնալ դրական եւ դէպի լաւը փոխել ամբողջ սերունդի մը ապագան։ Հարցը ուրեմն բախումները նուազագոյնի իջեցնելը չէ, այլ այդ ուժը գործածելը դէպի յատկանշական փոփոխութիւններ։
6 Յուլիս 2020