ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ՄԵԿՈՒՍԱՑՈՒՄԷՆ ԵՏՔ

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՅԱՌԱՋԴԻՄԵԼ

ԳԱՅԱՆԷ ՏՈՒՄԱՆԵԱՆ

Վերջին մի քանի ամիսներու ընթացքին մեր անձնական եւ աշխատանքային կեանքերուն մէջ փոփոխութիւններ տեղի ունեցան։ Ամբողջ աշխարհի մարդիկ սկսան հետեւիլ օրէնքներու, որոնք մինչեւ հիմա գոյութիւն չէին ունեցած։ Տարափոխիկ հիւանդութիւնը ամենացած աստիճանին պահելու համար ժողովուրդը որդեգրեց տարբեր ապրելակերպ։

Այսօրուան բարդ իրականութեան մէջ նկատի առի երկու հետաքրքրական կէտեր, որոնց մասին կը գրեմ այստեղ։

1- Անգիտութիւնը երբ բարձր աստիճանի հասնի, կը դառնայ վտանգաւոր։ Երբ դժուար օրերէ կ’անցնինք, լուրերը եւ տեղեկութիւնները կը շատնան եւ կը սկսին իջնել մեր վրայ տեղատարափ անձրեւի նման։ Քանի որ լուրերը վերջ չունին եւ մարդը միշտ լուրի կարիք ունի, կը գտնուինք վիճակի մը մէջ, ուր մեր միտքը անդադար կ’աշխատի բաժնելու իրականը սուտէն, դրականը ժխտականէն, եւ ամենահետաքրքրականը՝ բոլորին մէջէն ընտրելու այն լուրերը, որոնք մեր անձնական գաղափարները կը հաստատեն (այս վերջին կէտը կարելի է զատ նիւթով յօդուածի մը վերածել)։

Երբ որ կ’ընկղմինք լուրերու կամ տեղեկութիւններու տակ, նկատի առի, որ երեք տարբեր պարագաներու դիմաց կը գտնուինք.

 ա- Կը վախնանք, կը կարդանք եւ կը սորվինք, բանականօրէն  կը հասկնանք խնդիրը։
 բ -Կը վախնանք, կորսուած կը զգանք եւ շատ լաւ չենք հասկնար վիճակը։ Մեր շուրջինները կը վախցնենք ակամայ եւ անտրամաբանական ձեւով։
 գ-  Չենք վախնար, չենք հասկնար, բայց մեր կարծիքները կը տարածենք իբրեւ իրականութիւն։

Երկրորդ եւ երրորդ պարագաներու մէջ գտնուող հաւաքականութիւնները շատ դիւրութեանբ կրնան վտանգի մէջ դնել անձեր, գործածելով զօրաւոր ուժ մը՝ անգիտութիւնը։ Անգիտութիւնը միշտ ալ վտանգաւոր եղած է, իսկ այս ժամանակներուն դարձած է առաւե՛լ անտեսանելի թոյն մը, որ կը փճացնէ մարդուն գիտական հետազօտութիւնը։ Բայց անգիտութիւնը աղէտ չէ, լուծում ունի, որ կը սկսի  հետեւեալ իրականութեամբ. իւրաքանչիւր մարդ պատասխանատու է իր խօսքերուն եւ գործերուն։ Ան նաեւ կ’ընդունի, որ գիտութիւնը վերջ չունի, կարելի է սորվիլ որեւէ տարիքի։ Վերջապէս, իւրաքանչիւր անձ, օգտակար դառնալու համար իր համայնքին եւ մարդկութեան, պէտք ունի իր մասնագիտութիւնը բաժնելու իր շրջապատին հետ, որ մարդկային յառաջացումը արագանայ։

2- Ժողովուրդին մէջ մարդկային զգացումները կ’արթննան  եւ բարեգործութիւնները կը շատնան։
Երբ մարդիկ կը գտնուին կասկածի մէջ եւ կ’անդրադառնան որ մինակ չեն այդ ապրումին մէջ, համակրական հասկացողութիւն (empathie) մը կը ծնի եւ ժողովուրդին՝ իրարու հանդէպ յարաբերութիւնը կը փոխուի, ան կը դառնայ աւելի խնամատար։ Իրօք, բարոյապէս կը կապուին իրարու, հոգեկան մօտիկութիւն մը կը ստեղծուի, որովհետեւ ատոր պէտքը կայ։ Սակայն այս պէտքը նոր չէ։ Մարդը միշտ կարիքը ունեցած է որեւէ ձեւով կապ պահելու իր շրջանակին հետ, բայց դժուար օրերուն, կը սկսինք լրջօրէ՛ն հոգալ մեր քաղաքին եւ տեղացիներուն։

Դժուար օրերու ընթացքին ժողովուրդին մէջ միութեան զգացումը կը զօրանայ,  այսպէս՝ մարդիկ պատասխանատու կը դառնան ո՛չ թէ միայն իրենց ընտանիքներուն, այլ նաեւ հացագործին, բժիշկին, ուսուցիչին եւ աղբահաւաքին, որոնք տարիներէ ի վեր կը ծառայեն բոլոր քաղաքացիներուն։ Երբ ժողովուրդը կասկածի մէջ է, ընդհանուր արթնութիւն տեղի կ’ունենայ եւ  բոլորը կը սկսին իրարու մասին հոգ ընել։  

Ինչպէս նկատեցինք, վերջին երկու ամիսներու ընթացքին բարեգործութիւնները աւելցան եւ մեծապէս գնահատուեցան ամբողջ  ժողովուրդին կողմէ։ Հայրենասիրութիւնը դարձաւ մարդասիրութիւն։  Մարդոց մեծամասնութիւնը ուզեց օգտակար դառնալ իբր մարդ եւ ո՛չ իբր ֆրանսացի կամ հայ, հարուստ կամ աղքատ։ Մեր մարդկութիւնը մեզի կը քաջալերէ բարեգործութիւններու ձեռնարկել, բայց բնական օրերուն ատոր պէտքը չենք զգար։ Դժուար օրերուն է, որ ընդհանրապէս ժողովուրդը կ’ուզէ լաւութիւն գործել։

Երկու ամսուայ մեկուսացումը մեզի յիշեցուց կարեւոր կէտեր։ Մենք միշտ պէտք ունինք մշակելու մեր մարդկութիւնը համարձակութեամբ ընթանալով դէպի գիտութիւն, կապի մէջ մնալով մեր շրջապատին  հետ, որ իրարու օգտակար ըլլանք։

28 Մայիս 2020

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան