ԵՐԱԶ ՊԱՆԻՔԵԱՆ
ՀՈՒՆԱՒՈՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՈՒԺԵՐԸ
Բնական օրէնքներ կը տիրեն աշխարհին. ծնունդ, մահ, կեանք, երկրաշարժներ, եւայլն։ Զրոյց չկայ այս նիւթին շուրջ։
Այսպէս է։ Բուսական եւ կենդանական ապրելակերպը կախեալ է այս օրէնքներէն։ Երկրագունդի վրայ հաստատուած է նաեւ ուրիշ աշխարհ մը՝ մարդոց աշխարհը։ Բազմատեսակ ենք. ցամաքամասեր, երկիրներ, մշակոյթներ, պատմութիւններ եւ նպատակներ կը զանազանեն մեզ։
Մարդ արարածը չարութիւն ալ կը տարածէ։ Այս պատճառով է, կարծիքովս, որ բնական օրէնքներու կողքին ուրիշ օրէնքներ ստեղծուեցան մարդու կողմէ մարդուն համար։ Ժողովուրդը պէտք է նոյն սկզբունքներով վարուի, որպէսզի երկիրներու զօրացումը եւ յառաջացումը արդիւնաւոր ըլլայ։ Խմբային ուժերը պէտք է հունաւորել։ Բայց, մարդը այլեւս իր օրէնքներուն կը հետեւի աւելի քան բնութեան։ Կրնանք ըսել, որ կ’ուզէ ըլլալ այս աշխարհին տէրը, ըլլալ Աստուա՜ծ։
Կարելի է հիմնել ընկերութիւն մը, ուր վնասակար վարմունքները զսպուած ըլլան օրէնքներու միջոցով։
Եւ այն անձը, որ օրէնքներէն վեր է, ա՜ն է, որ քաջութեամբ կը սփռէ բարիքը։
25 Ապրիլ 2020
ԼԵՒՈՆ ՔԱՐԱՍԵԱՆ
ՕՐԷՆՔ ԵՒ ԲՆԱԶԴ
Իմ կարծիքովս, օրէ՛նքը մարդու համար է։ Մարդը օրէնքի համար … իմաստը լաւ չեմ հասկնար։
Նախ եւ առաջ՝ ի՞նչ է օրէնքը։ Մարդու ազատութի՞ւնը։ Ասոր մանրամասնութեան մէջ չեմ մտներ։
Մարդոց համար բնական է օրէնքներ հիմնել, որպէսզի մարդկային հասարակութեան մէջ յարգուի մարդու անվտանգութիւնը։ Մարդը գայլի պէս է մարդու համար, ան կը վարուի իր բնազդի մղումով, մտածելով նախ եւ առաջ ի՛ր կեանքին մասին։ Ահաւասիկ, այստեղ է, որ օրէնքները կ’ապահովեն մարդու անվտանգութիւնը։ Պետութիւնը այստեղ է, որ կը կտրէ մարդկային բնոյթը իրաւունքներու եւ օրէնքներու միջոցով։
Օրէնքներու միջոցով մարդը ինքզինքին ստիպեց հասկնալ սահմանը լաւին եւ վատին։ Ան ինքզինքին ստիպեց յարգել օրէնքները, բայց քանի որ միտքով ազատ է, կրնայ մէկէն ի մէկ դուրս գալ գիծէն եւ չյարգել զանոնք։ Մարդոց մէջ օրինականութիւնը յարգել տալու համար ալ ստեղծուեցան անօրինութիւնները պատժելու օրէնքներ։
Ինչպէս ըսի արդէն, մարդը վտանգ է մարդուն համար։ Սահմանը չանցնելու համար դրուած են օրէնքներ։
Ինծի համար, օրէնքը կարեւոր է մարդոց համար, քանի որ անոնք կը նախընտրեն ազատ ապրիլ միասին։ Օրէնքը կը գործէ մարդու շահուն համար։ Ուրեմն, յարգելով օրէնքները, մարդը աշխատած կ’ըլլայ իր օգտին։
26 Ապրիլ 2020
ՆՈՅԵՄԻ ՇԱՀՄԻՐԵԱՆ
ԱԶԱՏ՝ ՕՐԷՆՔԻՆ ՀԱՄԵՄԱՏ ԵՒ ՕՐԷՆՔԷՆ
Ես վստահօրէն կ’ըսեմ, որ օրէնքը մարդուն համար է, ոչ՝ հակառակը։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ հակառակ պարագային պիտի նշանակէր, որ մարդը գերին կը դառնայ օրէնքին։
Սկսիմ հետեւեալով. մարդը ընկերային կենդանի է։ Այս պատճառով ստիպուած եղած է օրէնքներ ստեղծելու, որ ուրիշ մարդոց հետ համերաշխ ապրի։ Անշուշտ օրէքները կը պաշտպանեն բոլորին ապահովութիւնն ու կարիքները։ Հետեւաբար կ’առաջնորդեն մարդիկը այնպիսի ճամբաներով, ուր բոլորը ազատ են օրէնքին համեմատ։ Աւելի ճիշտ, բոլորս ազատ ենք ընելու ինչ որ համայքին օգուտ է կամ ոչ վնասակար։
Հետաքրքրականը այն է, որ բոլոր ազգերը ունին մարդկային գրեթէ նոյն օրէնքները, որովհետեւ բոլորս կ’ապրինք միասին, բայց տարբեր երկիրներու մէջ։ Գրեթէ բառը գործածեցի, որովհետեւ կան երկիրներ որոնց օրէնքները շատ հակառակ կրնան թուիլ մեզի եւ նոյնիսկ յետամնաց։ Ընդհանրապէս, ամեն երկիր կը պաշտպանէ իր պատմութիւնը, կրօնքը, մտածելակերպը եւ այս արժէքները օրէնքներուն մէջ կը գտնուին։
Հարկաւոր է, որ օրէնքները ըլլան արդար եւ պաշտպանեն համայքին օգուտը ։ Օրինակ բերենք. Սուրբ Գիրքէն հատուած մը Շաբաթ օրուան օրէնքին հարցը կ’արծարծէ։ Յիսուսի աշակերտները Շաբաթ օրով ցորենի հասկեր փրցուցին եւ կերան, քանի որ անօթի էին։ Օրէնքով՝ Շաբաթ օրով աշխատիլ, այս պարագային՝ հասկ փրցնել, արգիլուած էր, սակայն Յիսուս չէր հասկնար, թէ ինչո՞ւ օրէնքը պիտի արգիլէր մարդիկը գոհացնելու ուտելու իրենց բնական կարիքը։ Այդ ձեւով, մարդիկ օրէնքին գերին եղած կ’ըլլան։ Ըստ Յիսուսի, երբ մարդիկ անօթենան պէտք է ուտեն եւ ո՛չ մէկ օրէնք կրնայ խախտել բնական կարիքները։ Աս առթիւ ան շեշտեց. «Շաբաթ օրը մարդուն համար եղաւ եւ ո՛չ թէ մարդը Շաբաթ օրուան համար»։
Յիսուսին այս խօսքը կը բերէ մեզի մեր հարցադրումին. «Օրէ՞նքը մարդուն համար է, թէ՞ մարդը օրէնքին համար»։ Ես կը պատասխանեմ՝ անշուշտ, օրէնքը մարդուն համար է։
13 Ապրիլ 2020