ԳԱՅԱՆԷ ՏՈՒՄԱՆԵԱՆ
ՄՂՈՒԱԾ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ԳԱՂԱՓԱՐԷՆ
Աշխարհի օրէնքները կը բաժնուին երեք խումբերու.
Ա- Բնութեան մէջ գոյութիւն ունեցող օրէնքներ, որոնք մարդոց եւ կենդանիներու ըմբռնումէն դուրս կ’իյնան։ Կամայական օրէնքներ են անոնք, զորս մենք չենք ստեղծած։ Խորամանկութեամբ կարելի չէ այս օրէնքներուն յաղթել կամ զանոնք փոխել։ Այս օրէքներուն կը հետեւին բոլոր կենդանի էակները։
Բ- Օրէնքներ, որոնք մարդիկ ստեղծած են իրենց, անասուններուն եւ բնութեան պաշտպանութեան համար։ Այս հազարաւոր օրէնքները կը պաշտպանեն իրաւունքներ, որոնք կենսական են մեր ներդաշնակ ապրուստին համար։ Այս խումբին մէջ կրնանք յիշել կանանց պաշտպանութեան օրէնքները, մամուլի ազատութեան օրէնքները, սեփականութեան առնչուած օրէնքները, եւայլն։ Տարիներու ընթացքին, անհատապաշտութեան շարունակական զարգացումով ստեղծուեցան նոր օրէնքներ, որոնք կը պայքարին անհատներու իրաւունքներու օգտին։
Գ- Եթէ երկրորդ խումբը մեզ կը յուսադրէ ներկայացնելով օրէնքները իբրեւ մարդու ծառայող միջոցներ, երրորդ խումբը կ’ազդարարէ, որ միշտ այդպէս չէ։ Կարգ մը օրէնքներ ստեղծուած են սակաւապետական (oligarchique) ձեւով։ Եկեղեցական, կուսակցական եւ լոպպիական օրէնքները կրնան աւելի ենթակայական ըլլալ։ Ընկերութեան վրայ ազդեցութիւն գործող այս խումբերը կրնան ընդունիլ տալ օրէնքներ, որոնցմէ միայն փոքրամասնութիւն մը օգտուի, օրինակ՝ օրէնքներ, որոնք առնչուած են տուրքերու յաւելումին։
Կարգ մը օրէնքներ ալ կան, որոնք ժամանակի ընթացքին անիմաստ դարձած են, որովհետեւ այլեւս գործադրելի չեն։ Ասոնք այն օրէնքներն են, որոնց դէմ պէտք է պայքարի համայնքը, բարելաւէ, որպէսզի իր զարգացման ընթացքը չխանգարուի։ Օրինակ՝ Սուրիոյ մէջ, հայրիշխանական օրէնքները կը ստիպեն, որ մայր մը արտօնութիւն առնէ իր ամուսինէն զաւակին հետ ճամբորդելէ առաջ։ Հնդկաստանի մէջ, ժողովուրդը բաժնուած է քանի մը խումբերու։ Ստուար մասը՝ ամենէն աղքատը, կը կոչուի “les Intouchables”։ Այս խումբը ընդհանուրին մէջ արժէք չներկայացնելուն պատճառով իրաւունք չունի կապ հաստատելու երկրին միւս մասերուն հետ։
Մեր պայքարը՝ արեւմտեան երկիրներու պայքարը, պէտք է ըլլայ ներշնչել աշխարհի բոլոր ազգերը ապրելու հաւասար օրէնքներու տակ, մղուած իրաւունքի գաղափարէն, որպէսզի հետագայ նոր օրէնքները կեղեքումի փոխարէն նպաստեն անձնական եւ հանրային կեանքի որակի բարձրացման։
13 Ապրիլ 2020
ԱԼԻՍԱ ԻԳԻԹԵԱՆ
ԲՆԱԶԴ ԵՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔ
Մարդը ունի ամէն իրաւունք, բայց առանց կարգի եւ օրէնքի կը դառնայ վայրի կենդանի։
Մարդուն բնազդը միշտ չ’ենթարկուիր բնութեան պահանջներուն, այսինքն կրնայ վնասակար ըլլալ ընդհանուր բարիքին եւ նոյնիսկ հակառակ՝ բնութեան պէտքերուն։ Այս պատճառով է, որ օրէնքը մինակ չ’որոշուիր, այլ՝ խումբով, քանի որ կը ծառայէ ընդհանուրին։
Միայն Աստուած կամ մենատէր մը կրնայ որոշել աշխարհի օրէնքները։ Բայց ո՞վ է այնքան խենթ, որ Աստուծոյ տեղը դնէ ինքզինքը։
Կարելի է հարց տալ. ի՞նչպիսի մարդ կրնայ որոշել իր նմանին պատիժը։ Եւ ի՞նչ իրաւունքով մարդ կրնայ չափել ուրիշին սխալները։
22 Ապրիլ 2020
ԳԱԲՐԻԷԼ ՍԱՐԱՅԼԸ
ՕՐԷՆՔ ԵՒ ՍԿԶԲՈՒՆՔ
Շաբաթ 11 Ապրիլին խօսեցանք «Օրէ՞նքը մարդու համար է, թէ՞ մարդը օրէնքի համար» հարցումին մասին։ Բայց ի՞նչ իմաստ կրնայ ունենալ «մարդը օրէնքի համար է» ըսելը, արդեօ՞ք պէտք է հասկնալ, որ մարդերը գոյութիւն ունին օրէնքներու հետեւելու համար։ Չեմ կարծեր, որ ոեւէ մէկը այսպիսի բան մտածէ։ Եթէ այդպիսի մէկը կայ, պէտք է ինծի բացատրէ իր միտքը, որովհետեւ չեմ հասկնար ասոր իմաստը։
Կառավարութիւնները միշտ կը կրկնեն՝ «Ո՛չ ոք օրէնքներէն բարձր է», բայց ստիպուած են այսպես յայտարարելու, որպէս զի օրէնքները կիրարկուին, թէ ոչ երկրին մէջ անիշխանութիւն կը տիրէ։ Ինչ որ ըլլայ, պէտք չէ մոռնալ, որ որեւէ օրէնք ստեղծուած է մարդու ապահովութեան կամ մարդու շահուն համար։ Նոյնիսկ եթէ օրէնքը անարդար ըլլայ, ստեղծուած կ’ըլլայ մարդու ապահովութեան կամ կարգ մը մարդոց շահերուն համար։ Ուրեմն, «ո՛չ ոք օրէնքներէն բարձր է» լսելով պէտք չէ հասկնալ, որ մարդը օրէնքի համար է, այլ ընդհակառակն։
Այլ տեսակ օրէնքներ ալ կան, ինչպէս՝ չստել, չգողնալ, չվախնալ, եւայլն։ Այս օրէնքները մարդիկ իրենք իրենց կը պարտադրեն, որովհետեւ կը հաւատան որ այդպէս վարուիլը ճիշդ է։ Այս օրէնքները անձէ անձ կը տարբերին։ Ձեւով մը՝ անձին սկզբունքներուն մաս կը կազմեն։
Այստեղ դժուար է պատասխանել այն հարցումին, թէ օրէնքը մարդո՞ւն համար է, թէ՞ մարդը օրէնքին համար։ Մարդ կը հետեւի այս օրէնքներուն, որովհետեւ որոշած է, որովհետեւ կը հաւատայ, որ այս օրէնքները ցոյց կու տան իրեն ուղիղ ճամբան։ Հետեւաբար, այս օրէնքները գոյութիւն ունին իրե՛ն համար։ Սակայն արդեօ՞ք կարելի է, որ այդ աձը, ոեւէ մէկու համար՝ ըլլայ իրեն կամ ուրիշին, չհետեւի իր իսկ կարգած օրէնքին։ Եթէ իրապէս իր սկզբունքներն են, կարելի չէ, որ չյարգէ, նոյնիսկ եթէ ինք կամ ուրիշը պիտի վնասուի։ Հետեւաբար, կան օրէնքներ, որոնք կրնան վնաս հասցնել, ուրեմն, օրէնքը մարդէն աւելի վեր է։
Իմ կարծիքովս, եթէ այս աստիճանին հասնինք, աւելի ճիշդ կ’ըլլայ ըսել, որ մարդն ու օրէնքը միացած են։ Եթէ մարդը չյարգէ իր սկզբունքը, իր ինքնութիւնը կը կորսնցնէ։ Եւ եթէ մէկը այն օրէնքին դէմ ըլլայ, վստահաբար այն օրէնքը յարգող մարդուն դէմ ալ պիտի գտնուի։
25 Ապրիլ 2020