ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ՕՐԷ՞ՆՔԸ ՄԱՐԴՈՒՆ ՀԱՄԱՐ Է, ԹԷ՞ ՄԱՐԴԸ՝ ՕՐԷՆՔԻՆ. ՄԱՍ Բ.

ԱՐԵԳ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՆԵՐԸ

Այս հարցումին պատասխանը գտնելու համար պէտք է նախ սահմանենք «օրէնք» բառը :

Օրէնքը միջոց մըն է կարգուկանոն հաստատելու համար: Օրէնքը կապուած է կարգուկանոնին, որ սահմանուած կ’ըլլայ  բնութեամբ կամ սովորութեամբ: Ուրեմն կը հասկնանք, որ կա՛մ կարգուկանոնը կը ստեղծէ օրէնքը, ինչպէս է պարագան բնութեան, ուր օրէնքը բնական կարգուկանոնին արդիւնքն է, կա՛մ ալ օրէնքը կարգուկանոն կը ստեղծէ,  ինչպէս է պարագան մեր այժմու ընկերութիւններուն:

Կան երեք տեսակ օրէնքներ.  առաջինը՝  Աստուածային օրէնքներն են: Բառարաններուն տուած իմաստներէն մէկն է: Աստուած Մովսէսին տուաւ իր տասը պատուիրանքները եւ այս օրէնքները մարդուն համար են: Այս օրէնքներով Աստուած կ’ուզէ հունաւորել մարդոց իրեն հանդէպ ունեցած հաւատքը։  Ինք արդեն կ’ըսէ, որ նախանձ է եւ չի հանդուրժեր, որ մարդիկ ուրիշ ուժի հաւատան:

Երկրորդը՝  բնական օրէնքներն են, որոնց  անխտիր բոլորս  ենթարկուած ենք անհրաժեշտօրէն։ Անոնց գոյութիւնը մարդոց միջամտութեան պէտք չունի։

Վերջապէս՝  երրորդը,  մարդոց կողմէ ստեղծուած օրէնքներն են։ Մարդը այս օրէնքները թէ՛ հաստատողն է,  թէ՛ անոնց հասցէատէրը։  Մարդիկ մարդոց համար օրէնքներ են ստեղծեր, որովհետեւ միայն մարդիկ գիտեն օրէնքին ինչ ըլլալը: Մէկ ընկերութիւն ստեղծելու յատկութիւնը միայն մարդիկ ունին: Ընկերութիւնը արդէն հիմնուած է այն գաղափարին վրայ, զոր փիլիսոփաները կոչած են «ընկերային պայմանագիր» (contrat social)։ Մարդիկ անասնական վիճակէն ընկերային վիճակի եկան այս պայմանագիրին կամովին ենթարկուելով: Միւս կենդանիները այս յատկութիւնը չունին:

Բայց մեր այժմու աշխարհը արդէն կը փոխուի եւ օրէնքները այլեւս միայն մարդոց ուղղութեամբ չեն մտածուիր:

Այսօր կան նաեւ ուրիշ անհատներ, որոնք երկար ժամանակ իբրեւ անհատ չէին ընդունուած, օրինակ՝  տնտեսական ընկերութիւնները: Անոնց  իրաւունքները հասան գրեթէ մարդոց իրաւունքներու  աստիճանին եւ շատ օրէնքներ կը ստեղծուին անոնց համար, նոյնիսկ եթէ քուէարկութեան իրաւունքը չունին «դեռ»:

Նոյն բանը ապագային կրնայ պատահիլ անասուններուն համար ալ եւ հարկաւ մարդամեքենաներուն, որոնք հետզհետէ աւելի տեղ կը գրաւեն մեր աշխարհին մէջ:

Այս նոր դերակատարները օր մը անհատ պիտի սեպուին եւ անոնք ալ պիտի դառնան մարդոց պէս, օրէնքներու հասցէատէրեր:

28 Ապրիլ 2020


ՆԱԹԷԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԵԱՆ

ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՄԲ

Մի քանի ամիսէ ի վեր ամբողջ աշխարհը կը գտնուի աշխատանքի եւ յարաբերութեան իր ձեւերը փոխելու ստիպողականութեան տակ, որպէսզի կարողանայ  դէմ դնել ներկայ առողջապահական իրավիճակին։

Մենք՝ մեր երիտասարդական խումբով որոշեցինք մեր զրոյցի նիւթերը շարունակել հեռակայ եւ Զում ծրագրակազմը գործածելով հանդիպեցանք Շաբաթ, Ապրիլ 11, երեկոյեան ժամը 6։00-ին, խօսելու համար հետեւեալ նիւթի մասին. «Օրէ՞նքը մարդուն համար է, թէ՞ մարդը օրէնքին համար»:

Այս խորունկ նիւթէն յայտնաբերուեցան տարբեր, լրացուցիչ, երբեմն հակառակ կարծիքներ, բոլորն ալ արդարացած։

Կ’ուզեմ կարծիքս բաժնել ձեզի հետ։

Նախ եւ առաջ, օրէնքը՝ ըլլայ մարդկային կամ աստուածային, գոյութիւն ունի որպէսզի մարդուն ցոյց տայ ապրելու եւ վարուելու ձեւ մը։ Oրէնքին հետեւելով մարդիկ կը սկսին նոյն ձեւով մտածել որոշ երեւոյթներու մասին եւ իրարու համաձայնելու աւելի դիւրին լուծումներ կը գտնեն։ Այս միտքը մեզի կը յուշէ, թէ օրէնքը մարդուն համար է։

Բայց միւս կողմէն, մարդիկ պէտք չէ, որ աչքերնին գոց հետեւին ընդունուած օրէնքներուն։ Կարեւոր է, որ գիտնան իրենց տրուած իմաստութիւնը գործածել եւ օրէնքները յարմարացնել կացութիւններու։ Յիշենք երկու օրինակ, որոնք պատմուած են Աստուածաշունչին մէջ։ Գիտենք, թէ հրէական օրէնքով Շաբաթ օրը արգիլուած էր գործել։  Առաջին դէպքը կը գտնուի Ղուկասու Աւետարանի ԺԴ. գլխուն 1-6 համարներուն մէջ, ուր կը պատմուի, թէ Շաբաթ օրով Յիսուս հիւանդ մը կը բժշկէ եւ փարեսիցիները կ’առարկեն։ Երկրորդ դէպքը կը պատմուի Մարկոս Աւետարանի  Բ. գլխուն 23-28 համարներուն մէջ. հոն Յիսուս կ’արտօնէ իր անօթի առաքեալներուն Շաբաթ օրով ցորենի գլուխները կտրել եւ ուտել, զարմանք պատճառելով փարեսիցիներուն։

Ահա երկու օրէնք, որոնց  չհետեւեցաւ Յիսուս։ Այո, օրէնքը կ’ըսէ թէ Շաբաթ օրով չեն աշխատիր կամ չեն բժշկեր, բայց արդեօք ո՞րը աւելի իմաստուն արարք է. մարդոց ցաւը թեթեւցնելու համար օրէնք խախտե՞լը, թէ՞ պարզապէս օրէնքի հետեւելով մարդիկը ձգել տառապանքի մէջ: Պուտտան ըսած է՝ «ճշմարտութիւնը օգտակարն է»։ Ուրեմն չեմ կարծեր, որ Աստուած պատժէ այն անձը, որ ուրիշին օգտակար դառնալու համար օրէնքէն դուրս կ’ելլէ։

Հոս նշենք, թէ որպէսզի մարդը օրէնքին համար չըլլայ, այլ օրէնքը՝ մարդուն համար, անհրաժեշտ է, որ մարդը իր իմաստութինը գործածէ օրէնքները գործի դրած ատեն։

Անցեալ ամիս Unorthodox ֆիլմաշարը սկսաւ հեռարձակուիլ Նեթֆլիքսի վրայ։ Պատմութիւնն է աղջկայ մը, որ ամուսնացած է շատ աւանդապաշտ հրեայ ընտանիքի տղու մը հետ։ Ընտանիքը բծախնդրութեամբ կը հետեւի հրէական բոլոր օրէնքներուն, առանց իմաստ կամ գիտակցութիւն տալու արարքին։ Աղջկան ազատութիւնը եւ երջանկութիւնը չեն յարգուիր ո՛չ ամուսինին, ո՛չ ալ անոր ընտանիքին կողմէն։ Վերջիվերջոյ, ան կ’որոշէ փախչիլ, ետեւ ձգելով ամուսինն ու սխալ ձեւով գործադրուած օրէնքներուն պատճառած նեղութիւնները։ Կը հասկնանք, թէ անձ մը շիտակ վարուելու համար անպայման պէտք չունի հետեւելու օրէնքներու։ Բայց եթէ օրէնքները ջնջենք, մարդիկ պիտի կարենա՞ն խաղաղ ձեւով ապրիլ միասին: Վստահ չեմ, քանի որ այն ատեն պիտի ենթարկուինք բարոյական քմահաճ որոշումներու, որոնք անձնական մտածումներ են եւ որոնցմէ կրնան ծագիլ ուրիշ տեսակ անպատեհութիւններ։

Կը հասնինք եզրակացութեան. օրէնքները կարեւոր են. եւ որպէսզի օրէնքը ըլլայ մարդուն համար եւ ոչ թէ մարդը՝ օրէնքին, անհրաժեշտ է, որ այն գործածուի իմաստութեամբ եւ ըստ կացութիւններու։

15 Ապրիլ 2020

Facebook
Twitter
LinkedIn

3 Responses

  1. Նաթէլ, շատ հաճելի էր քու գրածդ կարդալ։ Նկատի կ՛առնենք որ միշտ նոյն եզրակացութեան կը հասնինք եւ այն է որ մարդը պէտք ունի շարժելու իմաստութեամբ որ տեղ մը հանի։ Արանց իմաստութեամբ, կը դառնանք կենդանի։

  2. Գայանէ, ուրախ եմ որ գրածս հաճելի գտնուեցաւ քեզի եւ շնորհակալ եմ այս եզրակացութեան համար որուն հետ բոլորովին համաձայն եմ։
    Անոր համար կարեւոր է թէ մարդ մը անդադար հետագրգրուի նորութիւներուն եւ իմաստութիւնը գործածելով իր կարծիքը հիմնէ ու կեանքը ապրի իր մտածելակերպով եւ ոչ թէ գերի դառնալով որոշումներուն որոնք իրմէ չեն ծագած։ Անշուշտ կենդանիները այս բախտը չունին, ուրէմն բոլորս գործածենք մեզի տրուած իմաստութիւնը որպեսզի, ինչպես ըսիր Գայանէ “լաւ տեղ մը հասնինք”:

  3. Գայանէ, ուրախ եմ որ գրածս հաճելի գտնուեցաւ քեզի եւ շնորհակալ եմ այս եզրակացութեան համար որուն հետ բոլորովին համաձայն եմ։
    Անոր համար կարեւոր է թէ մարդ մը անդադար հետագրգրուի նորութիւներուն եւ իմաստութիւնը գործածելով իր կարծիքը հիմնէ ու կեանքը ապրի իր մտածելակերպով եւ ոչ թէ գերի դառնալով որոշումներուն որոնք իրմէ չեն արնուած։ Անշուշտ կենդանիները այս բախտը չունին, ուրէմն բոլորս գործածենք մեզի տրուած իմաստութիւնը որպեսզի, ինչպես ըսիր Գայանէ “լաւ տեղ մը հասնինք”:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան