ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ՕՐԷ՞ՆՔԸ ՄԱՐԴՈՒՆ ՀԱՄԱՐ Է, ԹԷ՞ ՄԱՐԴԸ՝ ՕՐԷՆՔԻՆ. ՄԱՍ Ա.

Այս նիւթին մասին երիտասարդներուն կարծիքները լոյս պիտի տեսնեն չորս մասով։

ԾԻԾԵՌՆԱԿ

ԴԷՊԻ ՄԱՐԴԿՈՒԹԻՒ՞Ն, ԱՆՈՒՇ ՊԱՆԻՔԵԱՆ

ՎԻՃԱՐԿՈՒՄ – ՆԿԱՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Տասներկու ուսանող եւ նորաւարտ  երիտասարդներով 11 Ապրիլին հեռակայ հաղորդակցութեամբ մէկտեղուեցանք զրուցելու: Այս անգամուան մեր վիճարկումի նիւթն էր «Օրէ՞նքը մարդուն համար է, թէ՞ մարդը՝ օրէնքին »: Իբրեւ ատաղձ մեզի սկիզբէն առաջարկուած էր երկու աղբիւր, երկու պատմուածք.

ա- Աւետարան ըստ Ղուկասու 14, 1-6,  Շաբաթ օրով Յիսուսի կողմէ ջրգողեալ մարդուն բժշկութիւնը,
բ- « Utilise ce que tu es », հեղինակ՝ Ֆուն Չանկ, չինական հեքիաթ մը, որ կը պատմէ կայսրի մը վերափոխումը: Ան կը գտնուի ողբերգական վիճակի մէջ, երբ կը հանդիպի Իմաստունին:   

Մեր զրոյցը սկսանք սահմանելով օրէնքը:
Օրէնքները կը բաժնուին երեք մասի.
– Բնութեան օրէնքները,  որոնք կախեալ չեն մեզմէ, ի ծնէ մեր մէջն են եւ մենք չենք զանոնք կառավարողները:
– Մարդկային օրէնքները, որոնք եղած են մարդուն կողմէ մարդուն համար, կարգուկանոն ստեղծելու, անհատին իրաւունքները պաշտպանելու եւ համայնքի մէջ համերաշխ ապրելու համար: Կը պատահի նաեւ, որ մարդկային այս օրէնքները դառնան կամայական: Մարդը ստեղծած ըլլալով զանոնք անցեալին, այսօրուան  ապրելակերպի  փոփոխութիւնով պէտք է ջնջուին,  վերատեսութեան ենթարկուին, կամ փոխուին, այսօրուան յարմարցուին:
– Աստուածային օրէնքները, Աստուծմէ տրուած մարդուն,  որպէսզի ան կարողանայ հոգեւորապէս բարձրանալ:

Մարդկային օրէնքները կը տարբերեն մարդը կենդանիէն։ Օրինակ, Ռոպէնսոն Քրուզոէն  երբ մինակ գտնուեցաւ կղզիի մը վրայ, ստեղծեց  իր օրէնքները եւ անոնց  հետեւելու պէտք ունեցաւ, որ չխենթանայ:

Մարդուն մէջ ի ծնէ վայրիութիւն մը կը տիրէ։ Ինք պայքարած է անոր տիրութենէն ազատելու համար: Օրէնքները շատ օգնեցին մարդուն, որպէսզի կապուի Աստուծոյ եւ այդպիսով հասնի իր մարդկութեան: Բայց պէտք է սահման մը դրուէր այս  ընթացքին: Այսօր մենք կ’անդրադառնանք, որ օրէնքը դէպի մարդկութիւն տանելու տեղ հակառակը ըրաւ. մեզ հեռացուց վայրիութենէն, բայց մենք վերածուեցանք մտածելու կարողութենէ զուրկ էակներու, մարդամեքենաներու: Այսօր կ’անտեսենք սէրը եւ համակրութեան հասկացողութիւնը։  

Երեխան օրէնքը կը սորվի, երբ առաջին անգամ կը պատժուի, այսինքն օրէնքը կը կապէ վախին: Կարողութիւն ունի՞նք զատելու օրէնքը պատիժէն։

Երթեւեկութեան օրէնքը երբ կը ստիպէ ինքնաշարժը կանգնեցնել կարմիր լոյսին, պէտք է յարգե՞լ զայն նոյնիսկ կէս գիշերին, երբ ճամբան ամայի է: Յարգել, այո, բայց ո՛չ թէ չգիտակցուած կամ  ոստիկաններէն վախնալով, այլ յարգելով միւսը ու գիտակցելով կեանքի արժէքին:

Յիսուս երբ գտնուեցաւ Փարիսեցիներուն առջեւ, քաջութեամբ յաղթահարեց պատիժի վախը: Ինք կանգնեցաւ սովորութիւններու դէմ, որպէսզի բարութիւնը տարածէ:

Աղքատ երեխայ մը անօթութենէն պտուղ կը գողնայ խանութէն, կը փախչի եւ պտուղը կու տայ իր մեծ մօրը։ Խանութպանը բարկացած կը հետեւի իրեն, ետեւէն վազելով։ Իրաւունքը իրն է, կրնայ գանգատիլ ոստիկանին եւ պատժել երեխան։ Բայց ան, տեսնելով իրականութիւնը, օրէնքը մէկ կողմ կը դնէ եւ իր խիղճին կը հետեւի։ 
Օրէնքը պէտք չէ զսպէ մարդուն մտածելու եւ զգացուելու կարողութիւնը:

Հին աւանդութեան մէջ ընդունուած կարգ մը սովորութիւններ, ինչպէս անչափահաս աղջիկներու հետ ամուսնութիւնը, կանանց թլփատութիւնը եւ տոհմապղծութիւնը այսօր օրէնքով արգիլուած են մանաւանդ արեւմտեան երկիրներու մէջ, բայց դեռ կը շարունակեն գոյութիւն ունենալ ուրիշ տեղեր: Օրէնքները ժամանակով կը փոխուին ու մաս կը կազմեն երկրի մը ինքնութեան եւ պատմութեան:

Որո՞նք են, ուրեմն, օրէնք կարգողները.
« Utilise ce que tu es » հեքիաթին իմաստունը հետեւեալ երկխօսութեան մէջ հետաքրքրական բացատրութիւն մը կուտայ Կայսրին։
– Քանի՞ օրէնք մէջտեղ բերած ես մտածելով, որ հպատակներդ չեն կրնար իրենք զիրենք պաշտպանել, – հարց տուաւ Իմաստունը։
– Բայց առանց օրէնքի քաոսը կը տիրէ, -պատասխանեց Կայսրը։
– Ճիշտ է, որքան մարդ՝ այնքան օրէնք։ Բայց եւ այնպէս պէտք է սորվիս, գոնէ քեզի համար, ինչպէս ապրիլ եւ գործել առանց օրէնքի։ Պէտք է սորվիս ապրիլ աշխարհի մը մէջ, որ կը կառավարուի մէկ մեծ Օրէնքով։ Բնութեան մէջ ո՛ւր որ նայիս, նոյն օրէնքը կը կիրարկուի։
– Սորվեցուր ինծի։
– Նախ, կրնամ քեզի սորվեցնել ինչպէս ապրիլ օրէնքներէ վեր եւ օրէնքներէ անդին։ Բայց տակաւին պէտք պիտի ըլլայ շարունակել օրէնք ստեղծել անոնց համար, որոնք պատրաստ չեն զանոնք զանցելու։ Կրնա՞ս այս գաղափարով ապրիլ։

Հեքիաթին այս բաժինը մեր հարցումին պատասխան կուտայ, կը խօսի անոնց մասին, որոնք օրէնքներէն աւելի բարձր կեցուածք ունին եւ յեղափոխական բացառիկ բարութիւն մը: Սակայն դժբախտաբար ամէն անձ տէր չէ այս որակին կարենալ բաժնելու արդարութիւնը անարդարութենէն եւ ճիշտը սխալէն։

 Ներըմբռնումները ենթակայական են եւ ամէն անձ տարբեր միտք ունի. օրինակ,  տուրքերու հետ կապուած օրէնքներուն ոմանք համաձայն են, ուրիշներ՝ ոչ, որովհետեւ կարծիքները կախեալ են մարդոց փորձառութիւններէն/պատմութենէն եւ ոչ թէ տրամաբանութենէն։

Յիսուս կ’ըսէ այս պարագային, որ պէտք է կայսրին տրուի ինչ որ պէտք է, բայց մեզ կը հրաւիրէ իրեն հետեւելու, որովհետեւ տուրքի եւ նման խնդիրները աշխարհային են: Արդարութիւնը կը պատկանի Աստուծոյ, ուրեմն կեդրոնանանք մեր սիրտի խորքը եղածին վրայ։

ի վերջոյ մարդկային օրէնքները եղած են հաւաքականութեան համար, իսկ բարոյականութիւնը  յատկութիւն մըն է: Ջանանք այդ յատկութիւնը ունենալ: Դժբախտաբար կ’ապրինք դարու մը մէջ, ուր անհատի  արժեւորումը չափազանցուեցաւ: Հետեւաբար, մարդը կը փափաքի բնութեան օրէնքներուն դէմ ելլել, կը ձգտի դէպի անմահութիւն, ուստի՝ Աստուծոյ  դիրքը գրաւել: Ահա նորէն մարդը կը հեռանայ իր մարդկութենէն:

19 Ապրիլ 2020

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան