ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ՀԱՐԻՒՐ ՀԻՆԳ ՏԱՐԻ ԵՏՔ

ԳԱՅԱՆԷ ՏՈՒՄԱՆԵԱՆ

ԱՊՐԻԼ 24
 ԴԵՌ ԿԱՆՔ, ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՆՔ ԵՒ ՅՈՒՍԱՄ ԲԱԶՄԱՆԱՆՔ

Կեանքիս մէջ նշանակալից  բազմաթիւ պահեր ունեցած եմ, բայց Հայաստանի հողին վրայ ոտք կոխելը անկասկած կը համարեմ ամենայուզիչ իրագործումս։  

Այսօր, մենք դարձեալ կը յիշենք մեր մէկուկէս  միլիոն նահատակները, մեր մեծ հայրերն ու մայրերը, մեր բժիշկները, գրողները,  կրօնաւորները։ Կը յիշենք նաեւ մեր օճախները, մեր սուրբ եկեղեցիները, մեր նախնիներուն պատկանած սարերն ու ձորերը, մեզմէ կողոպտուած անգին հարստութիւնները։ Այսօր սուգի օր է։ Այնքան  խորունկ է սուգը, որ հարիւր հինգ տարի ետք անգամ կարելի չէ երեւակայել, որ օր մը ցեղասպանութեան մասին պիտի չխօսինք մեր տուներուն մէջ։ Գիտենք, որ այս այրուածքին հետքերը մեր սիրտերուն մէջ փորագրուած են յաւիտեան։

Սակայն այսօր ես երախտապարտ եմ։

Հարիւր հինգ տարի ետք դեռ մենք կանք, պիտի ըլլանք եւ յուսամ բազմանանք։ Գոյութիւն ունինք իբր երկիր եւ ժողովուրդ։ Լաւատեսներուն համար, ցեղասպանութենէն ետք մեր գոյութիւնը հրաշք է, անվերջ պայքարելու պէտք ունինք։ Յոռետեսներուն համար, մեր գոյութիւնը ժամանակաւոր է։ Բայց այս յիշատակելի օրով մեր պարտականութիւնը այն չէ, որ միայն տարին անգամ մը յիշենք մեր նահատակները։ Այս այն օրն է նաեւ անդրադառնալու մեր ազգի բարգաւաճման,  մեր պայքարի ուժին. երկու դրական կէտեր ապագայ սերունդներուն կտակելու համար։

Այսօր կը խոնարհիմ այն բոլոր ընտանիքներուն առջեւ, որոնք  կը շարունակեն նոյնիսկ դժուար օրերու մէջ մնալ ամրակուռ սիւներ մեր եւ եկող սերունդներուն համար։ Անոնց սկսած գործը շարունակելը ոչ թէ միայն պատասխանատւութիւն է, այլեւ մեծ պատիւ։

Սիրելի նոր սերունդ, մեր պատմութիւնը եւ նախահայրերու ուժը դեռ մեզի հետ է։ Դարերու ընթացքին մենք դարձած ենք հոգեբանօրէն զօրաւոր ռազմիկներ, ունենալով հարկաւ տկարութիւններ, որոնք սակայն չեն վերաբերիր  մեր ինքնութեան։ Իբր մարդ մեր ուժը նորոգուած է պատմութեան դժուարագոյն պահերէն ետք, բայց իբր հայ, մեր մշակոյթը տակաւին  կը կարօտի համարձակութեան, թափի, սիրոյ եւ սլացքի։ Տարբեր երկիրներու մէջ սփռուած սերունդը տարածեց հայերէն լեզուն աշխարհի չորս կողմը։ Մեզի համար թող մեծ պատիւ ըլլայ  լեզուն խօսիլը, մշակոյթը հարստացնելը, զայն մեր զաւակներուն կտակելը։

Թող Ապրիլ 24ը դարձեալ յիշեցնէ, որ այս է մեր ազգային նպատակը։

24 Ապրիլ 2020

Facebook
Twitter
LinkedIn

2 Responses

  1. Bien écrit, ce texte révèle la volonté d’être optimiste. C’est une attitude positive. En effet, l’optimisme encourage et déploie les énergies. Le réalisme c’est bien aussi, ça permet de réagir quand il est encore temps!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան