ՎԻՃԱՐԿՈՒՄ – ՆԿԱՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
ՆՈՅԵՄԻ ՇԱՀՄԻՐԵԱՆ
Երիտասարդներու խումբ մըն ենք մենք, որ յաճախ կը հանդիպինք եւ վիճարկում կը կատարենք զանազան նիւթերու շուրջ։ Մեր խումբին ընտրած վերջին նիւթն էր խառնամուսնութիւնը։ Վիճարկումը տեղի ունեցաւ 29 Փետրուար 2020-ին, փարիզեան շրջանի Ալֆորվիլ քաղաքին մէջ։
Ի՞նչ են օտարի եւ հայու միջեւ կնքուած ամուսնութեան անպատեհութիւններն ու օգուտները։
Այս բարդ հարցը դիւրութեամբ չի պարզուիր։ Հետեւեալ տողերը պիտի ներկայացնեն մեր վիճարկումին թեր ու դէմ կողմերուն ներկայացուցած հետաքրքրական կէտերը։
Ա. Խառնամուսնութեան ի նպաստ արտայայտուողները, կամ գոնէ դէմ չեղողները, զարգացուցին հետեւեալ միտքերը.
– Արիւնը նորոգել պէտք է։
– Իբրեւ կեանքի ընկեր ընտրել տարբեր մշակոյթի եւ տարբեր դաստիարակութեան տէր մէկը, կը նշանակէ ինքզինք գերազանցել։
– Պայման չէ, որ կողակիցին հայ ըլլալուն համար համապատասխանեն նկարագիրները։
– Հայերը ամուսնութեան հարցով աւելի կը մտածեն համայքին մասին քան անձին, բնական չէ։
– Օտարը կը վախցնէ։ Արեւելեան եւ արեւմտեան մշակոյթներու բախումը մեծ է։
– Մարդկային յարաբերութիւններու մէջ յառաջդիմութիւն արձանագրուելու է։
– Նոյնիսկ եթէ հայ չըլլայ մեր սրտին ընտրածը, ան չի կրնար մեզմէ շատ տարբեր մէկը ըլլալ։ Անգիտակցաբար կ’ընտրենք այն անձը, որ կրթութեամբ կը մօտենայ մերինին, եւ պայման չէ, որ ան հայ ըլլայ։
– Հայերու միջեւ ալ գոյութիւն ունի մշակութային այլազանութիւն, անոնք ալ կը պատկանին տարբեր միջավայրերու (դաստիարակութիւն, ընտանիք, երկիր)։ Ուրեմն, հայ չեղողն ալ հայկական միջավայրին մէջ կրնայ ոեւէ հայէ չտարբերիլ։
Բ. Խառնամուսնութեան անպատեհութիւնները ներկայացնողները զարգացուցին հետեւեալ միտքերը.
– Ամէն ծնողք կ’ուզէ իր մշակոյթը փոխանցել զաւակին։ Աւելի դիւրիւն է կրթել զայն հայկական ձեւով, եթէ երկու ծնողներն ալ հայ ըլլան։ Չմոռնանք, որ հայերը արդէն միայն մէկ ինքնութիւն չունին, իրենց ծննդավայր երկիրներուն տարբեր ազդեցութիւնները կը կրեն։
– Նոյն ազգէն անձի մը հետ ամուսնութիւնը ընտանեկան յարաբերութիւնները կը հեշտացնէ։ Մարդոց ուժը ընտանիքէն կու գայ։
– Զոյգին հաւասարապէս պատկանելու է լեզուն, որպէսզի ընտանիքին մէջ այն դառնայ տիրական։
– Զոյգ կազմելը կեանքի նոյն սովորութիւնները, նոյն արժէքները բաժնել է, միասին կեանքի նոյն ճանբուն հետեւիլ է։
– Օտարի մը հետ աւելի երկար ժամանակ պիտի վատնես զինք հասկնալու եւ իր կողմէն հասկցուելու համար։
– Հայերը կը բաժնեն հայկական յատուկ դաստիարակութիւն մը, որ զիրենք հաւաքականութեան կը միացնէ։ Այս կապը պիտի տուժէ խառնամուսնութեան հետեւանքով։
– Հայաստանը տուժած երկիր է, հայերը տուժած ժողովուրդ են։ Մեր թիւը պէտք է աճի։
– Օտար անձը եթէ այլ կրօնքէ ըլլայ (որ մարդկային արժէք է), վստահաբար պէտք է մէկն ու մէկը հրաժարի իր կրօնքէն։ Ընտանեկան յարաբերութիւնները լուրջ ձեւով կը դժուարանան մանաւանդ եթէ զոյգէն մէկը հայ է, քանի որ հայերուն համար կրօնական արժէքները շատ յարգի են։
Ահաւասիկ մասնակիցներուն եզրակացութիւնները։
4 Մարտ 2020
ԽԱՌՆԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ
ԳԱՅԱՆԷ ՏՈՒՄԱՆԵԱՆ
Ամուսնութիւնը բազմաթիւ համաձայնութիւններու որակ մըն է, որ իր խորքով եւ գրաւած տարածութեամբ ամբողջովին կը պատկանի զոյգին։ Համաձայնութիւնը կը սկսի սէրէն, անոր կը հետեւին ծնողք, դաստիարակութիւն, ազգ։ Ուրեմն, եթէ սէր կայ, համաձայնութեան հիմը կրնայ դրուիլ։ Բայց նոյն ազգին պատկանիլը սիրոյ գրաւական չէ անշուշտ։
Եթէ երկու անձեր փափաք կը յայտնեն իրարու հետ զրուցելու, իրարու միտք հասկնալու, իրարու սովորութիւնները յարգելու եւ ինչու չէ նաեւ հետեւելու միւսին կարգ մը սովորութիւններուն զանոնք ապրելակերպի վերածելու համար, ուրեմն ես հակառակ չեմ ըլլար տարբեր ազգերու միջեւ կնքուած ամուսնութեան։
Եթէ մենք կը հաւատանք, որ մեր սովորութիւնները սերունդէ սերունդ կը փոխուին եւ կը զարգանան, ուրեմն կը հասկնանք նաեւ, որ մեր մշակոյթը միշտ կը փոխուի։ Կարելի չէ խուսափիլ այս վիճակէն։ Կը կարծեմ որ այն արդէն անհրաժեշտ է մեր գոյութեան համար։
Մենք բաւական լայնամիտ ենք եւ կարողութիւն ունինք սորվելու եւ յիշելու։ Չեմ կարծեր, որ մեր մշակոյթը վտանգի մէջ է օտար ամուսնութիւններու պատճառով։ Մեզի կը մնայ ջանք թափել, որ մեր ընտանիքին սովորութիւնները ունենան նշանակութիւն։ Ի հարկէ, ամէն զոյգ չէ հետաքրքրուած այս եզրակացութեամբ, բայց մշակոյթի պահպանութեան կարելիութիւններ կան եւ բազմաթիւ են, եթէ զոյգի յարաբերութեան մէջ այս նիւթը հիմնական տեղ գրաւէ։
2 Մարտ 2020
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆՍ
ԱՆՈՒՇ ՊԱՆԻՔԵԱՆ
Իմ կարծիքովս բնաւորութեան հարց է։ Մեր ժողովուրդը վախի մէջ է, մանաւանդ ներկայիս՝ ապրելով օտարներու հետ։
Հայը գրեթէ միշտ ապրած է տարբեր մշակոյթներու մէջ։ Մեր առաւելութիւնը այն է, որ դիւրութեամբ կը վարժուինք օտարին եւ օտար միջավայրերու մէջ անգամ շեշտուած ձեւով կը պահպանենք մեր ապրելակերպը. այս ալ մեր ուժն է։
Հարցը հետեւեալն է. ի՞նչ է խառնամուսնութեան վնասը եւ որո՞ւն կ’ազդէ։ Հայը ուրիշներո՞ւ hամար պիտի ապրի, իր անձը մէկ կո՞ղմ դնէ։ Որո՛ւն հետ, որ խաղաղ ձեւով քու հայութիւնդ կ’ապրիս՝ ապրիր. հայութիւնը վարմունքով կը փոխանցուի։ Եթէ գիտակից մէկն ես եւ յստակ են ծրագիրներդ ու քուկինիդ նման արժէքներով մէկու մը հետ կ’ամուսնանաս, չեմ կարծեր որ տեղ մը վնաս մը կ’ըլլայ։
Ո՞րն է նախընտրելին. երկու ծնողէ հայ զաւա՞կ մը, հարիւր տոկոս հայկական միջավայրի մէջ մեծցած, բայց անտարբեր իր հայութեան, թէ՞ երկու տարբեր մշակոյթներէ ծնած զաւակ մը, երկու մշակոյթներու մէջ մեծցած, հարստացած եւ հայ մշակոյթի արժէքին գիտակցելով հետաքրքրուող իր կէս հայութեամբ եւ զայն ապրող։ Օրինակները շատ են։
15 Մարտ 2020
ՀԱՅՈ՞Ւ, ԹԷ՞ ՕՏԱՐԻ ՀԵՏ ԱՄՈՒՍՆԱՆԱԼ
ՍԵՒԱՆ ԱՒԱՏԻՔԵԱՆ
Այս հարցումը աւելի խորունկ միտքերու կ’առաջնորդէ։
Առաջինը՝ միջավայրի եւ դաստիարակութեան նիւթն է։ Այս նիւթերով կը տարուի որեւէ ընտանիք, ուր գոյութիւն ունի հայկական ոգի։ Այդ ոգին կրնայ գալ ծնողք զոյգին միայն մէկուն կողմէն։
Յետոյ կու գայ արժէքի գաղափարը։
Յաջող ամուսնութեան համար, պէտք է որ զոյգին երկու անդամները հասարակաց արժէքներ ունենան եւ բաժնեն։ Այս արժէքները կրնան ըլլալ ազգային կամ մարդկային, կամ երկուքը։
Հարկաւ հայը հայու հետ աւելի դիւրութեամբ պիտի կարենայ բաժնել այս արժէքները եւ լուծել միջավայրին ու դաստիարակութեան յարուցած խնդիրները։
Վերջապէս, այս վիճաբանութիւնը զոյգի գաղափարէն աւելի հեռու կ’երթայ։ Միայն զոյգին մասին պէտք չէ խորհիլ, այլեւ ընտանիքին։ Ամուսնութեան վերջնական նպատակը ընտանիք ստեղծելն է, միայն երկու անձի միջեւ սէր չի խորհրդանշեր։
Ամէն պարագայի, ես կը կարծեմ, որ անհրաժեշտութիւն է ի մտի ունենալ հայ ընտանիքին տիպար օրինակը եւ փորձել զայն պահպանել կարելի եղած չափով։
1 Մարտ 2020
ԽԱՌՆԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՄԱԿԵՐՊՈՒՄ
ՎԱՀԱԳՆ ԿԷՆԷՃԵԱՆ
Հայերը համայնքի շուրջ հաւաքուած ժողովուրդ մըն են, հաւանաբար իրենց պատմութեան պատճառով։ Ամէն հայ միւսին մէջ հայերու յատուկ հարազատութիւն մը կը գտնէ։ Այս պատճառով մեծ կարեւորութիւն կուտան իրենց ծագումին։ Կողակիցի ընտրութիւնն ու ազգութիւնը ամէն մէկուն համար չափազանց կարեւոր է, մանաւանդ երբ նկատի կ’առնեն զոյգէն ծնելիք սերունդը։
Տղամարդ մը աւելի դիւրութեամբ կը բացուի կնոջ մը, որուն հետ կը բաժնէ մայրենի լեզու, դաստիարակութիւն եւ նպատակակէտ։ Այս բնաւ չի նշանակեր, որ հակառակը կարելի չէ, բայց աւելի դժուար է եւ կախեալ է անձերուն խառնուածքէն։ Այդ պարագային, յարմարեցման անհրաժեշտութիւնը ինքզինք կը պարտադրէ։
Իւրաքանչիւր անձ ծնած օրէն շրջապատուած կ’ըլլայ իր մօտիկներով, որոնք իր ընտանիքը կը կազմեն։ Մանկութենէն մինչեւ հասուն տարիք ան կը մշակէ իր սովորութիւնները, վարժութիւնները, գնահատել կը սորվի աւանդութիւնները, օրինակ՝ աղօթելու կարեւորութիւնը, կիրակիները եկեղեցի յաճախելու անհրաժեշտութիւնը, խոհանոցային ճաշակը, եւլ։
Խառնամուսնութիւններու պարագային, երբ կը խօսինք համակերպելու մասին, իրականութեան մէջ նկատի ունինք այն պզտիկ մանրամասնութիւնները, որոնք կողակիցին սրտին մօտիկ կ’ըլլան եւ զորս պէտք է յարգել, առաւել՝ զանոնք իրականացնելով հաճոյք առնել, իրը դարձնել եւ անոնց պատկանիլ։ Հարցադրումը սակայն ուրիշ երեւոյթ կը ստանայ, երբ սկսինք քննարկել այն զիջումները, զորս ընելու պատրաստ պէտք է ըլլանք յարմարելու համար այն անձին, որուն հետ կ’ուզենք մեր կեանքը կապել։
18 Մարտ 2020
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆՍ
ԱԼԻՍԱ ԻԳԻԹԵԱՆ
Կեանքը մէկ անգամ կ’ապրինք։ Կարելի չէ սխալիլ զոյգի ընտրութեան մէջ։ Ասոր համար ես որոշեր եմ իմ սրտիս մտիկ ընել եւ պահել իմ ազգային արժէքներս, առանց կրելու ուրիշին ազդեցութիւնը։
Ես կը կարծեմ, որ Աստուած կամ ճակատագիրը արդէն ընտրած է մեր զոյգը. եթէ ան հայ է, թող հայ ըլլայ, եթէ օտար է, թող օտար ըլլայ, միայն առողջ եւ երջանիկ ընտանիք կազմեմ։
Ի հարկէ, մեր զաւակներուն պէտք է փոխանցենք մեր պատմութիւնն ու արժէքները։ Օտարին հետ ալ կրնայ ըլլալ ասիկա, բայց դժուարութեամբ։
Այս նիւթին մասին կրնանք ըսել ինչ որ կ’ուզենք, բայց վերջաւորութեան՝ որոշումը մերն է։
16 Մարտ 2020
ԸՆԿԵՐԱՅԻ՞Ն, ԹԷ՞ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄ
ԵՐԱԶ ՊԱՆԻՔԵԱՆ
Ամուսնութիւնը ընկերայի՞ն, թէ՞ անհատական որոշում է։
Ինչպէ՞ս պատասխանել այս հարցումին։
Ոմանք պիտի հետեւին իրենց սիրտին, ուրիշներ՝ ամուսնութիւնը պիտի վերածեն ազգային պարտականութեան։
Ես չեմ կրնար դատել, կամ որոշել ճիշդն ու սխալը, բայց կը կարծեմ, որ ասոնցմէ ո՛րն ալ ըլլայ մէկու մը կեցուածքը, ամենակարեւորը կարողանալն է սրտանց, համոզումով եւ քաջութեամբ փոխանցել իր ազգային արժէքները եւ մշակոյթը։
Ասիկա կ’ըլլայ իր հայրենասիրութեան նշանը։
Բայց կայ ուրիշ հարցում մը։ Արդեօ՞ք մեր օտար ամուսինը կամ կինը նոյնպէս կը մտածէ:
Իր գիտցածն ու հաւատացածը ուրիշներուն հետ բաժնելը ոչ թէ վնաս է, այլ հարստութիւն, եթէ անշուշտ պարտադրուած չէ։
28 Մարտ 2020
ԽԱՌՆԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆԸ ՕԳՈ՞ՒՏ Է, ԹԷ՞ ՎՆԱՍ
ՆՈՅԵՄԻ ՇԱՀՄԻՐԵԱՆ
Այս նիւթին նուիրուած երիտասարդական մեր վիճարկումին, հայու մը եւ օտարազգի անձի մը միութեան հարցով իմ արտայայտած միտքերս պաշտպանեցին խառնամուսնութեան վնասակար կողմը։
Այս նիւթը շատ լուրջ է եւ խորունկ։ Ընկերներուս բերած զանազան առարկութիւնները աւելի հարստացուցին զիս այս բարդ նիւթին մէջ։
Ահաւասիկ եզրակացութիւնս։
Ամուսնութիւնը կը միացնէ երկու մարդ, որոնք հոգիով, սիրտով, կեանքի նոյն արժէքներով կը կապուին իրարու։ Այս վերջինը գլխաւոր կէտ մըն է, որ մեծ նշանակութիւն կ’ունենայ երեխաներու դաստիարակութեան եւ մշակութային փոխանցումին համար, ինչ որ աւելի դիւրութեամբ տեղի կ’ունենայ նոյն ազգի պատկանող անձերու պարագային:
Անշուշտ կարելի է հետաքրքուիլ ուրիշ մշակոյթներով, կրօնքներով, ունենալ տարբեր ազգէ ընկեր-ընկերուհիներ։ Բայց այն անձը, զոր կ’ընտրենք մեր կեանքը կապելու, պէտք է մեզի համապատասխանէ մշակութային առումով։
Հայ ժողովուրդի թիւը, ուրիշ շատ ազգերու նայելով, փոքր է։ Օրինակ ֆրանսացիներուն համար խառնամուսնութիւնը միայն օգուտ կրնայ բերել։
Հայ ազգին անցեալը դժբախտ եղած է։ Պէտք չէ մոռնալ, որ հայերը պատմական դժուար հանգրուաններուն տոկացած են, սակայն իրենց մշակոյթին, լեզուին վտանգ կը սպառնայ։
Ամէն հայու պայքարը պէտք է ըլլայ պաշտպանել, նոյնիսկ չնչին ներդրումով, իր ազգային ժառանգութիւնը, փորձել զարգացնել իր մայրենի հողերը։
Ամենէն կարեւորը ինծի համար կը մնայ հայկական մշակոյթով յագեցած ընտանիք մը կազմել, եւ ինչո՞ւ չէ, օտար ազգի պատկանող անձի մը հետ, եթէ ան կը փափաքի հարստանալ հայկական մշակոյթով, սորվի հայերէն, որպէսզի տան մէջ միայն հայերէն խօսուի։ Կ’ընդունիմ, որ այս տարբերակը գոյութիւն ունի, բայց դժբախտաբար նման անձ գտնելու հաւանականութիւնը քիչ է։ Ուրեմն, ես կը քաջալերեմ այն երիտասարդները, որոնց սիրտին մէջ հայասիրութիւն կայ, որ մասնակցին հայկական կազմակերպութիւններու, զարգացնեն իրենց մայրենի լեզուն, տեղեկանան անցեալի եւ ներկայի իրենց պատմութեան, ապրին հայ ազգին պատկանելու հպարտութիւնը։ Գուցէ միայն այնպիսիները հասկնան, թէ որքան մեծ բախտաւորութիւն է, մանաւանդ սփիւռքի մէջ, գտնել իրեն համապատասխան հայը կամ հայուհին։
4 Մարտ 2020