Քրիստոնէութեան հաստատումէն ետք Նաւասարդը վերացաւ, Անահիտի պաշտամունքը վերածուեցաւ Մարիամ Աստուածածնայ վերափոխման տօնին։ Ըստ քրիստոնէական աւանդութեան, Գաբրիէլ հրեշտակը, որ տարիներ առաջ Մարիամին աւետած էր Յիսուսի ծնունդը, անգամ մըն ալ երեւցաւ անոր, յայտնելու, որ շուտով պիտի աւարտի իր երկրային կեանքը։
Այսպէս, Աստուածածինն ընդունեց Անահիտի յատկութիւնները, անոր նուիրուած տօնը փոխանցուեցաւ Մարիամին, քանի որ Անահիտի մէջ էին ամփոփուած կնոջ եւ մայրութեան բոլոր առաքինութիւնները, մաքրութիւնը, նուիրուածութիւնը։
Վերափոխման տօնը կը նշուի Օգոստոս 15-ի ամենամօտ Կիրակի օրը։
Այս պատճառով է, որ մենք՝ քրիստոնեաներս Օգոստոս 15-ին եկեղեցի կը յաճախենք, ուր կը կատարուի խաղողօրհնէք, ինչպէս կը կատարուէր հին օրերուն՝ Նաւասարդին։ Օգոստոսի տաք արեւուն տակ հասունցած խաղողը երկրի բարութեան եւ Աստուծոյ առատաձեռնութեան խորհրդանիշն է։