ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Խաչքարի աշխատանոց

Մարտ ամսուն, փարիզեան արուարձան Ալֆորվիլի Հայ Մշակութային տան կազմակերպած խաչքարի աշխատանոցին մասնակցեցան նաեւ Դպրոցասէրի 7-րդ դասարանի աշակերտները։ Այստեղ՝ անոնց խանդավառ արձագանգները։  

ԾԻԾԵՌՆԱԿ

Դպրոցասէր վարժարան, 7-րդ դասարան
Խմբային աշխատանք

Երթուդարձի ճամբուն վրայ

Երեքշաբթի, 24 Մարտին, մեր դպրոցի 7-րդ դասարանի աշակերտներով մասնակցեցանք խաչքարի փորագրութեան աշխատանոցի մը, որ կազմակերպուած էր Ալֆորվիլի մշակութային տան կողմէ։

Ժամը 9-ին նստանք հանրակառք եւ դպրոցէն ճամբայ ելանք դէպի Ալֆորվիլ։

Մէկ ժամ ճանբայ ըրինք, խօսեցանք, խնդացինք ընկերներով …. եւ հասանք ժամը 10 անց 15-ին։ Իջանք, նկարուեցանք Մշակութային տան առջեւ եւ ներս մտանք։

Աշխատանոցը տեւեց երկուքուկէս ժամ։ Վերջաւորութեան, մեր փորագրած քարերով վերադարձանք դպրոց։ Նորէն մէկ ժամ տեւեց ճամբան, եւ երբ հասանք դպրոց, ճաշարան գացինք ուտելու։

Աշխատանոցի նկարագրութիւնը

Երեքշաբթի, 24 Մարտ 2026-ին Դպրոցասէր վարժարանի 7րդ դասարանի աշակերտներով գացինք մասնակցելու խաչքարի արհեստանոցի մը։

Քանդակագործ տիկինը՝ Նարինէն, մեզի բացատրեց նախ իր մասնագիտութիւնը, ապա խաչքար պատրաստելու ձեւը։ Մեզի ներկայացուց հրաբխային տուֆ քարը եւ բացատրեց, որ զայն թրջելը կը դիւրացնէ անոր վրայ քանդակելը։ 

Շատեր նախընտրեցին ազատօրէն աշխատիլ եւ մենք մեր ուզածը քանդակեցինք փորագրելով մեր անուան սկզբնատառը, խաչ կամ Արարատ լեռը։

Մեր աշխատանքի ժամանակ քանդակագործուհին օգնեց մեզի խորհուրդներ տալով, շտկեց մեր սխալները։ Երբ վերջացուցինք մեր աշխատանքը, մաքրեցինք սեղանները, որովհետեւ շատ աղտոտած էինք։

Աւարտին, մեր քանդակած տուֆ քարերով նկարուեցանք եւ քանդակագործուհիին շնորհակալութիւն յայտնելով վերադարձանք դպրոց։  

Շատ յիշատակելի օր մը անցուցինք։

Հարցազրոյց

Աշակերտներու խմբակ մը հարցազրոյց կատարեց խաչքարի վարպետ Նարինէ Փօլատեանի հետ, որ սիրով  պատասխանեց պատանիներու հարցումներուն։ Հարցում հարցուցին Դաւիթ Յակոբեան, Ռաֆայէլ Եաքար, Էրիկ Կիւլամիրեան, Ազատ Նեվես, նարեկ Եղիազարեան։

Դաւիթ – Ուրկէ՞ հասած է մեզի խաչքարը։

Նարինէ Փօլատեան – Խաչքարը կուգայ այն ժամանակէն, երբ Հայաստան ընդունեց քրիստոնէութիւնը։ Հայաստանը շատ հարուստ է այս տեսակ քարով։

Ռաֆայէլ – Ե՞րբ սկսած էք այս գործը ընել։

ՆՓ – Այս գործը սորված եմ 2018-ին, բայց 2020-ին արդէն մինակս կ’ախատէի, առանց ոեւէ մէկու օգնութեան։

Էրիկ – Ի՞նչ քարով կը փորագրենք խաչքարը։

ՆՓ – Տուֆ քարով։ Քարի այս տեսակը կը գտնենք հրաբխային շրջաններու մէջ։ Մի քանի գոյն ունին։

Ազատ – Շարլի –  Ինչո՞ւ ստեղծուած է խաչքարը։

ՆՓ – Խաչքարը ստեղծուած է, որպէսզի քրիստոնէութիւնը տարածենք։ Խաչքարը մեր հին ազգ ըլլալուն ապացոյցն է ։ Ամէն երկիր ունեցած է իր զարդանախշը։

Նարեկ – Ո՞ւր սորված էք այս մասնագիտութիւնը։

ՆՓ – Այս մասնագիտութիւնը սորված եմ Երեւան, Արամի փողոցի վրայ գտնուող աշխատանոցի վարպետէն։ 

Նարեկ – Շնորհակալութիւն։

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *