
Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան
Ծիծեռնակաբերդ
Օննիկ Ալթունեան
Ծիծեռնակաբերդը յուշարձան մըն է, որ կառուցուած է Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ։ Ան նուիրուած է մէկուկէս միլիոն հայերու յիշատակին, որոնք կորսնցուցին իրենց կեանքը Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացուած ցեղասպանութեան ընթացքին, 1915 թուականէն սկսեալ։ Ծիծեռնակաբերդի Յուշարձանը կառուցուած է1967-ին։ Այն ազգային խորհրդանիշ մըն է հայութեան համար։

Ամէն տարի, Ապրիլ 24-ին, բազմահազար հայեր կ’երթան Ծիծեռնակաբերդ իրենց յարգանքը յայտնելու զոհերուն ծաղիկներ դնելով, լռութեամբ ու խոնարհումով։
Յուշարձանը բաղկացուած է երկու կարեւոր մասերէ։ Առաջինը՝ բարձր սիւն մըն է, որ կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդին վերածնունդը եւ անկոտրում ոգին։ Երկրորդը՝ շրջանաձեւ կառոյց մըն է, որու կեդրոնական մասին մէջ մշտավառ կրակ կը վառի զոհերու յիշատակին։

Ծիծեռնակաբերդի թանգարանը
Ծիծեռնակաբերդի տարածքին մէջ կը գտնուի ցեղասպանութեան թանգարանը։ Այն բացուած է 1995 թուականին, ցեղասպանութեան 80-ամեակին առիթով։ Թանգարանը այցելուներուն կը ներկայացնէ պատմական փաստաթուղթեր, լուսանկարներ, վկայութիւններ Մեծ Եղեռնի մասին, հին նկարներ եւ վերապրած հայերու պատմութիւններ, որոնք կը բացատրեն թէ ինչպէս տեղի ունեցաւ ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ կարգ մը երկիրներու այդ ժամանակին արձագանգները։
Սաղմոսավանք
Անայիս Կօլ
Սաղմոսավանքը հայկական վանք է, որ կը գտնուի Արագածոտնի շրջանը, բլուրի մը վրայ, ուրկէ կրնանք Քասախի ձորը եւ կիրճը տեսնել։
Վանքը կը պատկանի հայ միջնադարեան ճարտարապետական ոճին։ Կառուցուած է 13-րդ դարուն։ Սաղմոսավանքը անցած է Վաչուտեան իշխանական ընտանիքի տիրապետութեան։
Իր հիմնական շինութիւններն են Սուրբ Սիոն եկեղեցին, գաւիթը, մատենադարանը եւ փոքրիկ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին։
Սաղմոսավանքի վանքի պատմութիւնը կը սկսի չորրորդ դարուն, երբ առաջին հայ կաթողիկոսը՝ Գրիգոր Լուսաւորիչ հոն շինեց եկեղեցի մը եւ դարձուց եպիսկոպոսի նստավայր։ Ան կը սորվեցնէր սաղմոսներ, որպէսզի օր ու գիշեր սաղմոսներ երգեն։ Ասոր համար վանքը կը կոչուի «Սաղմոսավանք», այսինքն՝ սաղմոսներու վանք։
Սելճուքներու կառավարման շրջանին, վանականները փախան գետի քարանձաւները եւ այնտեղ ապրեցան։ Բայց շարունակեցին աղօթել եւ օգնել ազատագրական պայքարին։

13-րդ դարուն, Զաքարէ Զաքարեան ազատեց շրջանը սելճուքներէն։ Ան այս հողերը նուիրեց Վաչէ Վաչուտեանին։ Վաչէն եւ իր կինը՝ Մամախաթունը նորոգեցին հին եկեղեցին եւ 1215 թուականին շինեցին Սաղմոսավանքի գլխաւոր եկեղեցին՝ Սուրբ Սիոն։ Ճարտարապետին անունը Մոմիկ է։ Իշխանը վանքին նուիրեց նաեւ գիւղ մը եւ 115 ձեռագիր։
Երբ վանքին մէջ ձեռագիրներու թիւը շատցաւ, 1255 թուականին Վաչէի զաւակը՝ Քուրդ Վաչուտեան եւ իր կինը Խորիշահ Մամիկոնեան, իրենց մահացած աղջկան յիշատակին շինեցին եկեղեցական գրադարան մը։ Գրադարանի պատերուն մէջ կային փոքրիկ խորշեր ձեռագիրները եւ արժէքաւոր առարկաները պահելու համար։
1267 թուականին, պատմիչ Վարդան Արեւելցին Սաղմոսավանքի մէջ հիմնած է դպրոց։
Սեւան
Գրիգոր Մելքոնեան

Սեւան գացինք որ պարոն Պետոյեանին եկեղեցին երթանք, Սեւանայ լիճը տեսնենք եւ Սեւանայ լիճի վերեւին եկեղեցին երթանք։
Երբ հասանք Սեւան, առաջին բանը որ ըրինք, ելանք եկեղեցի, մոմ վառեցինք եւ աղօթեցինք։ Յետոյ իջանք, որ լիճին վրայ նաւով պտտինք, բայց քիչ մը ուշ հասանք եւ ուրիշ ժամու համար տոմսակ առինք։
Այս պատճառով գացինք պարոն Պետոյանին եկեղեցին։ Յետոյ վերադարձանք Սեւանայ լիճ եւ հոնտեղ հաց կերանք եւ յետոյ նաւ առինք եւ լիճին վրայ 30 րոպէ պտտեցանք։ Յետոյ վերադարձանք երեւան։
Մայիս 2025