ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Մեզի մտերիմ օտար բառերը

Դպրոցասէր վարժարան, 7-րդ դասարան

Հայերէն խօսելու ատեն կը գործածենք սովորութիւն դարձած բազմաթիւ օտար բառեր։ Անոնք ցուցանիշներն են մեր կամ մեր ծնողքի ծննդավայրին։ Այդ բառերէն օրինակներ բերին Դպրոցասէրի 7-րդ դասարանի աշակերտները։ Կուտանք այնպէս ինչպէս ներկայացուցին։

ԾԻԾԵՌՆԱԿ

Աթենա եւ Շարլի Փերրօ

Ֆրանսերէն եւ թրքերէն բառեր

մուշուար – թաշկինակ

միւզիք – երաժշտութիւն

գրամփոն – մարզանքի կօշիկ

թելեվիզիոն – հեռատեսիլ

տիմանշ – Կիրակի

սամըտի – Շաբաթ

պրաւօ – ապրիս

մերսի – շնորհակալութիւն

ֆրիժիտեր – սառնարան

մետիքաման – դեղ

մաթեմաթիք – ուսողութիւն

օթօքար – հանրակառք

հատէ – ելլենք, երթանք

 
թամամ – եղաւ, այո
տոլապ – պահարան
լիւմիեռ – լոյս
ասփիրաթէօր – փոշեկուլ
ֆոթէօյ – բազկաթոռ 

Նախադասութիւններու մէջ

  1. Մամա, մուշուար կու տա՞ս հաճիս։
  2. Միւզիք մտիկ կ’ընեմ։
  3. Քրամփոններս կը մաքրեմ։
  4. Թելեվիզիոն կը դիտեմ։
  5. Տիմանշ հիւր ունինք։
  6. Այս սամըտի տեսնուինք։
  7. Պրաւօ, շատ լաւ ըրիր։
  8. Շատ մերսի։

Տեզիրէ Քանուն

Թրքերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն բառեր

հայտէ – քալէ (թրքերէն)

եալլա – աճապարէ, քալէ, շարժէ  (արաբերէն)

մերսի – շնորհակալութիւն (ֆրանսերէն)

խալաս – կը բաւէ (արաբերէն)

պոն ափեթի – բարի ախորժակ (ֆրանսերէն)

պոնժուր – բարի լոյս (ֆրանսերէն)

թայյի – եկուր (արաբերէն)

 

շլոն – ինչ (արաբերէն)

ռոհի – գնա՜ (արաբերէն)

շու աամ թաամլի – ի՞նչ կ’ընես (արաբերէն)

շլոնքի – ինչպէ՞ս ես (արաբերէն) 

պրաւօ – ապրիս (ֆրանսերէն)

սապահ – առտու (արաբերէն)

մաշի – լաւ (արաբերէն)

Մարի Մարթա Յարութիւնեան

Ռուսերէն բառեր

նասքի – գուլպայ

տուխի – օծանելիք

քոմթյութըր – համակարգիչ

այրօփորթ – օդակայան

ֆսյօ – վերջ

լիֆթ – վերելակ

սոք – հիւթ

փիյըսոս – փոշեկուլ

փաքա – ցտեսութիւն

տիւան – բազմոց

մարոժնի – պաղպաղակ

խալաձելնիք – սառնարան

քուխնյա – խոհանոց

սամալյոթ – ինքնաթիռ

փոմիտոր – լոլիկ

 

կրաւաթ – մահճակալ

շթօ – ինչ

զալ – սրահ

կռիս – առնէտ

փամատա – շրթներկ

փրիւեթ – բարեւ

տաւայ – եկուր/եկէք, արի

տա – այո

նիէթ – ոչ

զոնթիկ – հովանոց

կոնֆէթ – շաքարեղէն

քարթոֆիլ – գետնախնձոր

աֆտոպուս – հանրակառք

սպասիպա – շնորհակալութիւն

Մելինէ Ֆորէլ

Ֆրանսերէն բառեր

թելեֆոն – հեռաձայն

լէնտի, մարտի, մերքրըտի, ժէօտի, վանտրըտի, սամըտի, տիմանշ – օրերուն անունները 

պրաւօ – ապրիս

մերսի – շնորհակալութիւն

տը ռիէն – խնդրեմ

պոն ափեթի – բարի ախորժակ

պոնժուր – բարի լոյս

պոն նուի – բարի գիշեր

օթօքար – հանրակառք

եալլա – աճապարէ (արաբերէն)

Նոյեմբեր 2024

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *