Դպրոցասէր վարժարանի 8-րդ դասարանի աշակերտները իրենց ուսուցիչներու ընկերակցութեամբ անցեալ Ապրիլին ներկայ գտնուեցան Մոլիէրի երկու թատերախաղերու ներկայացման։ Ոմանց համար թատերական առաջին փորձառութիւնն էր ասիկա։ Ստորեւ անոնց տպաւորութիւնները։
ԾԻԾԵՌՆԱԿ
Թատերական փորձառութիւն
Լիլա Գերեքճեան
Ես շատ ուրախ էի, որովհետեւ բնաւ չէի գացած թատրոն։
Սուրբ Ժորժ (Saint Georges) թատրոնը շատ գեղեցիկ էր։ Իմ ընկերներս ալ ուրախ էին։ Երբ որ թատրոն հասայ եղբօրս հետ, առաջինն էի. ընկերներս կամաց-կամաց հասան։
Ինչ լաւ էր անոնց հետ։ Դերասանները շատ լաւ կը խաղային։ Թատերախաղը՝ «Le médecin malgré lui» զուարճալի եւ հետաքրքրական էր։ Ես եւ ընկերներս շատ խնդացինք։ Հանրութիւնը կենսունակ էր։ Երբ թատերախաղը աւարտեցաւ, հանրութիւնը շատ ծափահարեց։
Նայիրի Շահինեան
Ապրիլ 1-ի առտուն արթնցայ ժամը 10-ին եւ շուտ շուտ հագուեցայ, որ Փարիզ երթամ, դասարանով դիտելու «Le médecin malgré lui» թատերախաղը։ Երբ որ Saint Georges թատրոնը հասայ, ընկերներս տեսայ։ Տաս վայրկեան ետք սկսաւ ներկայացումը։
Դերասանները շատ լաւ կը խաղային։ Երբ վերջացաւ, դուրս ելանք, նկարուեցանք եւ խօսեցանք ամենուն հետ։
Շատ սիրեցի այս օրը, որովհետեւ տեսայ ընկերներս։ Թատրոնը շատ մեծ եւ անուշիկ էր, թատերասրահը անուշ էր, կարմիր գոյնով։ Նկարուեցանք սրահին մէջ եւ դուրսը՝ դերասաններուն հետ։
Գայանէ Ֆորէլ
Շաբաթ, Ապրիլ 1-ին արթնցայ շատ ուրախ, որ ընկերներուս հետ առաջին անգամ ըլլալով պիտի երթամ թատրոն: Ես այնքան ուրախ էի, որ քոյրս նոյնիսկ կատակներ ըրաւ իմ մասիս, օրինակ ըսաւ՝ այս առտու pile մը կերար։
Յետոյ, երբ պատրաստուեցայ այս մեծ իրադարձութեան համար, որոշեցի հագնիլ բան մը, որ շատ ուշադրութիւն չգրաւէ։
Չկրցայ որոշել մազերուս սանրուածքը, ուրեմն հեռաձայնեցի Ժիւլիանային: Յետոյ, Ժիւլիանային հետ հասանք Փարիզի Saint Georges թատրոնի դիմացը։ Առաջին նայուածքով կարծես թէ սինեմա էր։ Չկրցանք նայիլ որմազդերուն, քանի որ քիչ մը ուշացած էինք։ Տեսանք մեր դասընկերները եւ ուսուցիչները, որոնք կը սպասէին մեզի։
Շատ սիրեցի այս ներկայացումը, որ տեւեց մէկուկէս ժամ։ Դերասանները հագած էին ծանր կարմիր ռուսական հագուստ։ Ուրախ եմ, որ առաջին թատրոնի համար ընտրած էինք Մոլիէրի «Le médecin malgré lui»ն:
Երբ դուրս ելանք սրահէն, թատրոնին դիմացը սպասեցինք մեր ծնողքներուն։ Դերասաններն ալ դուրս ելան եւ նկարուեցանք հետերնին։
Մայրս վերջապէս եկաւ եւ ինքնաշարժով Ժիւլիանան եւ ես վերադարձանք տուն։ Մայրս մեզի շատ հարցումներ հարցուց եւ մենք պատասխանեցինք:
Ժուլիանա Աւագեան
Ապրիլ 15-ին թատրոն երթալու օր էր։ Դասարանով գացինք Théâtre du Gymnase։ Թատերասրահը շատ գեղեցիկ էր եւ շատ մեծ։ Թատերախաղին անունն էր «Voyage de Molière»։ Դերասաններուն հագուստները, երգերը շատ շատ լաւ էին։ Այս իմ ամենալաւ օրս էր դասարանիս եւ ուսուցիչներուս հետ։ Ես շնորհակալ եմ պարոն Ժիրարին, որ կազմակերպեց այս պտոյտը։
Սիմոն Մովսիսեան
Ապրիլ 15-ին կէսօրէ ետք ժամը 4-ին գացի Փարիզ, Gymnase թատրոնը։ Անհամբեր էի դիտելու «Le Voyage de Molière» թատերախաղի ներկայացումը։ Նոյնիսկ 10 վայկեան ուշ էի հասեր։ Թատերասրահը շատ սիրուն էր։ Առաջին անգամն էր ինծի համար, որ թատրոն կ’երթայի։ Թատերախաղը շատ լաւ էր, յատկապէս այն պահերը, երբ դերասանները կ’երգէին։ Նոյնիսկ տխուր պահերը այնպէս կը խաղային, որ ծիծաղելի ըլլար։ Սրահը շատ մեծ էր եւ շատ մարդ կար։ Ափսոս, որ արագ անցաւ։
Երբ տուն հասայ ժամը 8-ին, ընտանիքիս պատմեցի օրս։