ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ՊՈՒՏ ՄԸ ԲԱՆԱՀԻՒՍՈՒԹԻՒՆ. ՄԱՍ Բ.

առածներ եւ ասացուածքներ

Հաւաքեցին՝ Դպրոցասէր վարժարանի 9-րդ դասարանի խումբ մը աշակերտներ

ԱԼԻՍԻԱ ՊԷՆԼԻՕՂԼՈՒ
Աշխատող մարդը անօթի չի մնար։
Քիչ սիրէ’, որ քիչ ցաւիս, քիչ յուսա’, որ քիչ խաբուիս։
Մեր կեանքի երջանկութիւնը կախեալ է մեր մտածումի որակէն։
Միտքի լեզուն կը լսուի, եթէ անցնի սիրտի մէջէն։
Ժողովուրդի ձայնն աւելի բարձր է, քան թնդանօթներու մռնչիւնը։
Աղուէսը միայն մէկ բան կ’ուզէ. որ շունը չտեսնէ։
Ամէն մարդու սիրտին մէջ քնացած առիւծ մը կայ։
Նեղ սիրտին համար ի՞նչ օգուտ, որ աշխարհը լայն է։

ԴԱՆԻԷԼ ՖԱՐՀԱՏԵԱՆ
Ով որ փոս կը փորէ, ինք կ’իյնայ ծակին մէջ։

Կարօ Քէշիշեան
Սուտի կեանքը քառասուն օր է։
Լաւ է ուշ քան երբեք։
Գող, սիրտը դող։

Յովհ. Թումանեանէն՝
Կեանքը գաղտնիքներ պահելու սովորութիւն չունի։
Գլխարկն աւելի հեշտ կը փոխուի, քան գլուխը։

Մկրտիչ Քէշիշեան
Եթէ երիտասարդութիւնը իմանար…, եթէ ծերութիւնը կարողանար …
Աւելի լաւ է մինակ մնալ, քան թէ վատ շրջապատ ունենալ։
Ընկերներդ եւ ընտանիքդ մօտ պահէ, թշնամիներդ՝ աւելի՛ մօտ։
Ուրիշի հացը միշտ լաւ համ ունի։ / Արգիլուած պտուղը քաղցր է։
Կեանքը աստիճաններով կ’ելլենք, բայց վերելակով կ’իջնենք։
Ցաւը կը վազէ, դարմանը ինքզինք քաշելով կը տանի։

Սերենա Քէշիշեան
Դուն աղա, ես աղա, մեր ալիւրը ո՞վ աղայ։
Գետը անցաւ, ՙսուրբ Աստուած՚ը մոռցաւ։
էշը ինքն է, խոտը ուրիշին առջեւ կը դնէ։
Ծուռ նստինք, շիտակ խօսինք։
Նոյն ծաղիկէն օձը թոյն կը շինէ, մեղուն՝ մեղր։

Սոնիա Պօղոսեան
Ինչ ցանես, զայն կը հնձես։
Պտուղը ծառէն հեռու չ’իյնար։
Կարմիր կովը իր կաշին չի փոխեր։
Կուժ՝ քեզի՛ կ’ըսեմ, կուլայ՝ դո՛ւն հասկցիր

Քեւին Քարա
Երբ միանանք, զօրաւոր կ’ըլլանք։
Միութիւնը ուժ է։
Սուտին ոտքը կարճ կ’ըլլայ։
Աշխատանքը կը գեղեցկացնէ մարդը։
Արհեստը ոսկէ ապարանջան է։
Անուշ լեզուն օձը ծակէն կը հանէ։
Մէկ ձեռքը ծափ չի տար։
Աշխարհի մէջ ամէն բան կրնաս վերագտնել, բացի ծնողքէ։

Դեկտեմբեր 2020

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան