ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒՆ ԿԵԱՆՔԸ
ՍԵՐԺԻՕ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան, Պէյրութ
10-րդ դասարան
2020-ի սկիզբը սկսաւ տարածուիլ Քորոնա ժահրը։ Արդէն ամբողջ աշխարհ այս համաճարակին պատճառով տխուր եւ յանձնուած վիճակի մատնուած էր։
Պատահածը դիւրին չէր, բայց ես պիտի խօսիմ լիբանանահայու կեանքի մասին, 2019-ի բողոքի ցոյցերէն մինչեւ ներկայի պատահած դէպքերը։
Լիբանանահայը, երկու տարիէ կ’ապրի անհանգստութեան մէջ։ Ցոյցերու ատեն տեղի ունեցան բախումներ, որոնք անդամալուծեցին երկիրը։ Քիչ ետք, ժողովուրդը վերադարձաւ իր սովորական կեանքին, բայց այդքան ալ դիւրին չէր, որովհետեւ ցոյցերը կրկնուեցան, նոր հարցեր ծագեցան, գողութիւնը շատցաւ, տնտեսական վիճակը բարդացաւ։ Դրամանիշը արժեզրկուեցաւ եւ մարդոց նիւթը տոլարը եղաւ։ Ասոնք միայն սկիզբն էին սեւ պատմութեան մը։
4 Օգոստոս 2020. այս թուականը, նոյնիսկ չորացումի հիւանդութիւն ունեցող անհատը պիտի չկարենայ մոռնալ։ Պարզ օր մըն էր մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը վեց։ Քիչ ետք կը սկսին լսուիլ փոքր պայթումներ. պայթուցիկի ձայն ըլլային կարծէք, որոնց յաջորդեց մեծ պայթումը։ Տուները ցնցուեցան, կարծես երկրաշարժ եղած ըլլար։ Պայթումէն վայրկեաններ ետք փողոցները մարդոցմով լեցուն էր։ Անոնք շուարած կը վազէին հոս ու հոն, ամէն կողմ արիւն, փոշի, այրած ինքնաշարժներ, զոհեր, վիրաւորներ, կոտրած ապակիներ եւ պոռչտուք։
Ասոնք ամերիկեան ֆիլմէ մը առնուած պատկերներ չեն, այլ պատահեցան այդ սեւ օրուան ընթացքին։ Աւելի քան 200 զոհ եւ վեց հազար վիրաւոր պատճառեց պայթումը։ Բայց տակաւին ժողովուրդը չյանձնուեցաւ եւ ոտքի մնաց։
Կարճ ժամանակ ետք, սկսաւ Արցախի պատերազմը։ Ամբողջ ժողովուրդը միասին ձեռք-ձեռքի տուած թիկունք եղաւ հայ զինուորին։ Սկիզբը լուրերը լաւ էին. հայոց բանակը մեծ կորուստներ պատճառեց թշնամիին, բայց վերջին օրերուն լուրերը դարձան անընդունելի։ 9.11.2020. հայ ժողովուրդը այս թուականը չի կրնար մոռնալ։ Կորսնցուցինք մեր հողերը, հերոսներ, պատանիներ, բժիշկներ, երգիչներ եւ մարզիկներ։
Վերադառնանք Լիբանան։ Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը օրըստօրէ կը վատթարանայ։ Ընտանիքներ անօթի են, ժողովուրդը վախի մէջ է, անորոշ է կեանքը։
Աշխարհի երրորդ պայթումէն ետք, լիբանանցին այլեւս հանգիստ չի կրնար քնանալ։
Ամբողջ աշխարհ կը կարծէ որ ամէնէն գէշ օրերը կ’ապրի, բայց լուր չունի, որ այս երկու տարուան մէջ լիբանանահայը ինչպիսի դժուար կեանք մը ապրեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ։ Ես ամէն ինչ չներկայացուցի, իսկ եթէ յայտնեմ, գիրքեր կրնամ գրել։
Ոչ ոք գիտէ, որ այս վիճակը մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակուի, բայց ես գիտեմ որ ինչ ալ պատահի, լիբանանահայը չի յանձնուիր, կը տոկայ։
18 Մայիս 2021
ՄՈՒԹ ՕՐԵՐ
ՄԵԼԱՆԻ ՄՈՒՇԵԱՆ
Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան, Պէյրութ
10-րդ դասարան
Երկու տարիէ եւ աւելի Լիբանանի ժողովուրդը կ’ապրի դժուարին օրեր։ Կ’անցնինք այնպիսի դժուարութիւններէ, որոնք օրական ազդեցութիւն ունին մեր հոգեկանին վրայ։ Նախապէս, աշակերտներ եւ ուսուցիչներ սովոր էին դպրոց երթալու, սակայն երբ փակուեցան դպրոցները, առցանց դասերու գաղափարը նոր էր մեզի համար եւ շատ դժուար էր, քանի որ կեդրոնացումի խնդիրներ յառաջ եկան։
Շատ մտահոգ եւ անհանգիստ էի երկրի վիճակով։ Օրեր կ’անցնէին եւ կը լսէի մահերու մասին, որ վախ կ’ազդէր վրաս։ Հակառակ որ երկրի վիճակը վատ է, ես յոյս ունիմ, որ ամէն ինչ աւելի լաւ պիտի ըլլայ։ Սակայն ինծի ցաւ կը պատճառէ այն վիճակը, երբ ընտանիքներ առանց գործի են, ուտելիք ապահովելու դժուարութիւն ունին եւ իրենց բողոքին ոչ ոք կ’արձագանգէ։ Պետութիւնն անգամ չի կատարեր իր պարտաւորութիւնները եւ չ’օգներ ժողովուրդին։
Լիբանան կը դիմագրաւէ տնտեսական, քաղաքական, ընկերային եւ առողջապահական լուրջ հարցեր։ Աղքատութիւնը երթալէն կը խորանայ։ Իսկ Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը պատճառեց մեծ վնասներ, բազմաթիւ մահ ու վիրաւոր, փլատակ տուներ եւ աւերուած խանութներ, ցաւ ու վախ սփռեց ամէն կողմ։
Այս դժուարին եւ մութ օրերու դիմաց, պէտք է նայիլ առջեւ եւ հաւատալ ապագային։ Այս պատահարները ինծի սորվեցուցին ըլլալ դրական եւ յուսալ, որ ամէն ինչ պիտի բարելաւուի։ Յոյսն է, որ մեզի պիտի օգնէ շրջանցելու այս մութ օրերը։
18 Մայիս 2021
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՃԳՆԱԺԱՄԸ
ՅԱՐՈՒԹ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ
Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան, Պէյրութ
10-րդ դասարան
Լիբանան արաբական փոքր երկիր մըն է, որ ունի ծով եւ հարուստ է գետերով, լիճերով եւ բնական կազով։ Ես` տասնվեց տարեկան հայ պատանի մանչ մըն եմ, որ կ’ապրի Լիբանանի մէջ։ Լիբանանի ժողովուրդը կ’ապրի դժուարին օրեր։ Երկու տարիէ աւելի տարբեր տեսակի տագնապներ ժխտական ազդեցութիւն ունեցան մեր կեանքին ու ապրելակերպին վրայ։
Այդ տագնապներէն մէկը քաղաքական իրավիճակն է։ 17 Հոկտեմբեր 2019-ին, բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան Լիբանանի մէջ։ Պետական մարդոց գործած ահաւոր սխալներուն դէմ կատարուած բողոքի ցոյցեր կը պահանջէին արդարութիւն, հաւասարութիւն եւ բարօր կեանք։ Պետական մարդիկ, տարիներու ընթացքին կողոպտած են երկիրը եւ դարձած կաշառակերներ, անխիղճ ու անհոգի մարդիկ։
Տնտեսական գետնի վրայ, Լիբանան կ’ապրի անբացատրելի ճգնաժամ մը։ Վերջին տարիներուն, մեծ թիւով լիբանանցիներ արտագաղթեցին դէպի զարգացած երկիրներ, իրականութիւն մը, որուն պատճառը տնտեսական բարդ կացութիւնն է։ Հեռացող մարդոց մեծամասնութիւնը կը նկատուի երկրի լաւագոյն տարրը։ Անոնց մէջ կան բժիշկներ, երկրաչափներ, ճարտարագէտներ, հիւանդապահներ եւ այլն։ Լիբանանի մէջ երթալէն կը խորանայ անգործութիւնը, որուն պատճառով կը շատնայ աղքատութիւնը, գողութիւնը, խաբեբայութիւնը եւ սղաճը։ Այս ծանր վիճակը իր ազդեցութիւնը կ’ունենայ ժողովուրդի հոգեկանին եւ առողջութեան վրայ։
Այս ահաւոր վիճակին մէջ, տեղի ունեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը, որ աւելի խորացուց տագնապը։ Լիբանանեան դրամանիշի արժեզրկումն ու տոլարի սակի բարձրացումը եղաւ ամենէն բարդ տնտեսական հարցը։
Առողջապահական գետնի վրայ, Լիբանան տարիէ մը աւելի կը տառապի Քորոնայի համաճարակէն, որ հազարաւոր մարդոց կեանքերը խլեց։ Անիկա մեծ մտահոգութիւն պատճառեց եւ ջղագրգիռ դարձուց ժողովուրդը։ Ժողովուրդը մեկուսացած կ’ապրի իր տուներուն մէջ եւ շատ զգոյշ է։ Աշխատանք կը տարուի վարակուածներու թիւը նուազեցնելու` պատուաստի թիւը շատցնելով։
Ամփոփելով այս ամէնը, մարդ ոտքի եւ տոկուն կը մնայ յարմարելով այս վիճակին եւ Աստուծոյ ապաւինելով։ Հակառակ որ ես շատ կը սիրեմ դպրոց յաճախել, սակայն վարժուեցայ առցանց դասընթացքներուն։ Մէկ խօսքով` յարմարեցայ այս նոր ապրելակերպին։
Լիբանան նման է վիրաւոր թռչունի մը, որ կը պայքարի իր կեանքին համար։ Ես յոյսով եմ եւ վստահ, որ Լիբանան ոտքի պիտի կանգնի Աստուծոյ կամքով։
18 Մայիս 2021
ՅՈՅՍՈՎ ԵՆՔ ՄԻՇՏ
ՔՐԻՍՏԻԱՆ ՄԱՐՏՕ
Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան, Պէյրութ
10-րդ դասարան
Երկու տարիէ Լիբանանի տնտեսական վիճակը օրէ օր կը ծանրանայ եւ պատճառ կը դառնայ յաւելեալ տառապանքի եւ աղքատութեան։ Երկրին այս վիճակը, անձնապէս ինծի կը դարձնէ ջղային եւ մտահոգ։
Մտահոգութեանս գլխաւոր պատճառը` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումն ու Քորոնայի համաճարակն է, որ լուրջ հիւանդութիւն մըն է։ Միլիոնաւոր մարդիկ, այս վիճակէն դարձած են ջղային եւ մատնուած են նիւթական դժուարութիւններու եւ անգործութեան։ Լիբանանի պետութիւնը այս վիճակին նկատմամբ ցուցաբերեց անտարբեր կեցուածք, որուն պատճառով ժողովուրդը բողոքի ցոյցերու դիմեց եւ կոչ ուղղեց, որ նոր կառավարութիւն կազմուի։
Քորոնայի դէմ պատուաստի գործածութիւնը նուազեցուց մտահոգութիւնս, ինչպէս նաեւ հիւանդներու թիւը սկսաւ նուազիլ։ Կարգ մը մարդիկ կը մերժեն ստանալ պատուաստ` զանազան պատճառներով։
Ստեղծուած այս վիճակը մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ դպրոցական կեանքին վրայ։ Աշակերտներու, ուսուցիչներու եւ ծնողներու համար այս կացութիւնը իր ժխտական անդրադարձը ունեցաւ, որովհետեւ առցանց դասընթացները աւելի դժուարութիւն կը պատճառեն, ինչպէս` համացանցի, հաղորդակցութեան եւ այլն։
Լիբանանի ելեկտրականութեան հարցը տակաւին լուծում չէ գտած։ Մարդիկ տունը մնալով զբաղումի նոր ձեւեր գտան իրենց տրամադրութիւնը բարձրացնելու համար, օրինակ` մարզանք։ Ես անձամբ, տունէն ներս սկսայ զբաղիլ գծագրութեամբ, որովհետեւ Քորոնա ժահրի պատճառով չէի կրնար մասնակցիլ գծագրութեան դասապահերուս։
Հակառակ այս յուսահատ վիճակին, պէտք չէ մոռնանք որ Լիբանանը օրհնուած երկիր մըն է, շնորհիւ իր սուրբերուն, ժողովուրդին, որ չի գիտեր յանձնուիլ։
Ես կ’ապրիմ լաւագոյն ապագայի յոյսով։
18 Մայիս 2021