ԴՐԱԽՏԱՅԻՆ ԲՆՈՒԹԻՒՆ
ՍԷՐԼԻ-ՌՈԶԻ ՇԱՀԻՆԵԱՆ
Հայ Աւետարանական Գոլէճ, Պէյրութ
8-րդ դասարան
Պահ մը երեւակայենք աշխարհը առանց բնութեան. որքա՛ն չոր ու տափակ պիտի ըլլար։ Բնութիւնը մարդու եւ անասուններու ազատութեան եւ հանգիստի վայրն է։
Ծառերը, գետերը, լիճերը եւ լեռները բնութիւնը կազմող գլխաւոր տարրերէն են։ Անոնք կեանքի գոյատեւման համար կարեւոր են։
Բնութիւնը ներշնչումի աղբիւր է։ Անիկա այն վայրն է, ուր երեւակայութիւնը թռիչք կ’առնէ եւ մեզ կը դնէ Աստուծոյ ստեղծագործութեան հրաշքին առջեւ, ինչպէս Միսաք Մեծարենց եւ Սիամանթօ, որոնք ոգեշնչուած են Ակն քաղաքի բնութեամբ, իսկ Փիթր Պալաքեան` Տիգրիս գետով։
Բնութիւնը նաեւ առողջութեան օգտակար է. ծառերը թթուածին կ’արտադրեն, արտերը մեզի ցորեն կու տան, աղբիւրները մեզի ըմպելի ջուր կը հայթայթեն եւ այլն։ Բնութիւնը մեզ կը սփոփէ եւ առողջ կը պահէ։
Բնութեան բարիքները անհամար են, Աստուծոյ շնորհներն ալ բազմաթիւ են եւ մենք պէտք է շնորհակալ ըլլանք։ Պէտք չէ կտրել հաստաբուն ծառերը սեղան, աթոռ շինելու, պէտք չէ արմատախիլ ընել անտառախիտ շրջանները շինարարութեան համար։
Մարդը եւ բնութիւնը երկու անբաժանելի ընկերներ են, որոնք կ’ապրին փոխադարձ հոգածութեամբ։ Մարդը կը վայելէ բնութեան բոլոր բարիքները, իսկ բնութիւնը կը զարդարէ աշխարհը։
15 Ապրիլ 2021
ԿԵԱՆՔԻ ԱՂԲԻՒՐ
ԱՐԻՆ ՊԱՍՏԱՃԵԱՆ
Հայ Աւետարանական Գոլէճ, Պէյրութ
8-րդ դասարան
Բնութիւնը կեանքի աղբիւր է մարդ արարածին համար։ Մարդիկ պէտք է մօտ ըլլան բնութեան, որովհետեւ բնութիւնը մարդու հոգեկան աշխարհը կը բարեփոխէ եւ տարբեր անձ կը դարձնէ։
Բնութիւնը Աստուծմէ մեզի տրուած հրաշալի պարգեւ մըն է։ Կանաչ ծառերը եւ սքանչելի ծաղիկները կը գեղեցկացնեն պարտէզներն ու անտառները։ Մայրիի, սօսիի, բարտիի եւ ուռիի ծառերը հրաշալի են։ Յատկապէս մշտադալար ծառերը բացառիկ գեղեցկութիւն ունին։
Բնութիւնը ներշնչումի աղբիւրս է։ Անիկա ինծի ուրախութիւն կը շնորհէ. զիս կը սփոփէ:
Բնութիւնը մարդոց համար շատ օգտակար է։ Կրնամ նշել ծառերու բարիքը, օրինակ` անոնք թթուածին կ’արտադրեն ու անոնցմէ պտուղ կը ստանանք։ Չորցած ծառերը կտրելով փայտ կ’ունենանք։ Անոնց հովանիին տակ մարդ արարած կրնայ հանգչիլ։ Թռչունները բոյն կը շինեն անոնց վրայ։ Շնորհիւ ծառերու՝ հողասահանքէ կը պաշտպանուինք: Անոնց գոյութիւնը բնութեան մէջ շատ կարեւոր է, որովհետեւ բարիքով կ’օժտեն ամբողջ շրջապատը։
Պէտք է պաշտպանել բնութիւնը, որպէսզի անոր բարիքներէն օգտուի մարդկութիւնը։ Առանց բնութեան կեանք չկայ։ Մարդ արարած խորապէս կը ներշնչուի, երբ կը խնամէ բնութիւնը։
15 Ապրիլ 2021
One Response
bravo