ԱՉՔ ՄԸ ՆԵՏԵ՞ՆՔ ՄԵՐ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ Դ. ԴԱՐՈՒ ՍԿԻԶԲԻՆ ՎՐԱՅ
Դպրոցասէր վարժարանի 8-րդ դասարանին կողմէ պատրաստուած խմբային հարցարան
ԳՏԻՐ ՊԱՏԱՍԽԱՆ(ՆԵՐ)Ը
1. Քրիստոնէութիւնը հայ ժողովուրդին մէջ տարածելու համար մեծ աշխատանք տարաւ(ին)
ա. Գրիգոր Լուսաւորիչ
բ. Տարօնի քրմապետը
գ. Տրդատ թագաւոր
2. Որո՞նք են քրիստոնէութեան եւ հեթանոսութեան տարբերութիւնները
ա. հեթանոսութիւնը միաստուածութիւն է եւ քրիստոնէութիւնը բազմաստուածութիւն
բ. վարժութիւնները, աղօթքները, հաւատալիքները
գ. ոչ մէկ տարբերութիւն կայ
3. Ե՞րբ ընդունուեցաւ քրիստոնէութիւնը Հռոմի մէջ.
ա. 313-ին
բ. 301-ին
գ. 406-ին
4. Հայերու համար կրօնք փոխելը հե՞շտ էր
ա. այո, առանց դժուարութեան փոխեցին եւ հաճոյքով
բ. ոչ, շատ դժուար եւ տաժանելի եղաւ, քանի որ նախկին հեթանոսներ էին
գ. կրօնք չփոխեցին, քանի որ հայերը չընդունեցին
5. Քրիստոնէութիւնը ե՞րբ դարձաւ պետական կրօնք Հայաստանի մէջ
ա. 302 թուականին
բ. այդ կրօնքը չընդունեցին
գ. 301 թուականին
6. Հայերը ինչո՞ւ քրիստոնեայ դարձան
ա. ուզեցին
բ. թագաւորական հրաման ստացան
գ. հրաշք մը պատահեցաւ
7. Քանի՞ հոգի էին Հռիփսիմեանց կոյսերը
ա. 38
բ. 39
գ. 29
8. Հռիփսիմեանց կոյսերը ի՞նչ կ’ուզէին
ա. աշխատիլ եւ մարդոց քարոզել քրիստոնէութիւնը
բ. արգելք ըլլալ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան տարածման
գ. իշխել Հայաստանի
9. Քրիստոնէութիւն ընդունելէն առաջ հայերը
ա. միաստուածեան էին
բ. բազմաստուածեան էին
գ. անաստուած էին
10. Յիսուսի ո՞ր առաքեալները քրիստոնէութիւն քարոզած են Հայաստանի մէջ
ա. Յովհաննէս եւ Փիլիպպոս
բ. Մարկոս եւ Մատթէոս
գ. Թադէոս եւ Բարդուղիմէոս
11. Հայ ո՞ր թագաւորը քրիստոնէութիւնը պետական կրօնք հռչակած է Հայաստանի մէջ
ա. Բուզանդ
բ. Վռամշապուհ
գ. Տրդատ Գ.
12. Ո՞ր պետութիւններէն ետք Հայաստանը ընդունած է քրիստոնէութիւնը
ա. Վատիկան
բ. Ռուսաստան
գ. առաջին երկիրն է
13. Ի՞նչ կը նշանակէ ՙկռուախնձոր’
ա. կռիւ խնձորի համար
բ. իրարու դէմ կռուող երկու ուժերու միջեւ գտնուող
գ. հին խաղի մը անունն է
14. Ինչո՞ւ Տրդատ իր ընկեր Գրիգորը նետել տուաւ Խոր վիրապ
ա. Գրիգորը խոստովանեցաւ, որ քրիստոնեայ է
բ. Գրիգորը խոստովանեցաւ, որ ան Տրդատի հայրը սպաննած Անակի որդին է
գ. Գրիգորը խոստովանեցաւ, որ ինք սպաննած է Տրդատի ընտանիքը
15. Որո՞նք են Հռիփսիմէն եւ Գայանէն
ա. աստուածներ են
բ. Տրդատի զաւակներն են
գ. կոյսեր են
16. Ինչո՞ւ Գրիգոր կոչուեցաւ Լուսաւորիչ
ա. քանի որ Լուսաւորիչներու ընտանիքէն էր
բ. քանի որ հոգեւոր գիտութեան եւ հաւատքի լոյսը բերաւ Հայաստան
գ. քանի որ Լուսաւորիչ գիւղէն էր
17. Ինչպէ՞ս տարածեցին Քրիստոնէութիւնը Հայաստանի մէջ
ա. դպրոցներ բացուեցան
բ. եկեղեցիներ շինուեցան
գ. ուժ գործադրուեցաւ
18. Ի՞նչ կոչուեցաւ Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութիւնը
ա. թագուհի թարգմանութեանց
բ. իշխան թարգմանութեանց
գ. թագաւոր թարգմանութեանց
ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ
1- ա.գ. 2- բ. 3- ա. 4- բ. 5- գ. 6- բ. 7- բ. 8- ա. 9- բ. 10- գ. 11- գ. 12- գ.
13- բ. 14- ա. բ. 15- գ. 16- բ. 17- ա.բ.գ. 18- ա.
Յունուար 2021