ՈՐՈ՞Ւ ՇԱՀԵՐԸ ԿԸ ՊԱՇՏՊԱՆԷՐ ՎԱՍԱԿ
ԿԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ,
Դպրոցասէր Վարժարան, 8-րդ դասարան
Վասակ Սիւնին հայասէր էր։ Կրօնական մեծ համոզումներ չունէր։ Ան դիւանագէտ էր, հետեւաբար գործնական կեցուածք ունեցաւ համոզելու բոլոր նախարարները կեղծ կրօնափոխ դառնալու, միաժամանակ երդում ընելով անոնց հետ, որ իրենց երկիրը՝ Հայաստան հասնելէն ետք պիտի դառնան իրենց իսկական կրօնքին։
Բայց խորամանկ Միհրներսեհ կասկածելով Վասակի վրայ, իր երկու որդիները պատանդ պահեց, իսկ Յազկերտ Հայաստանի թագաւորութիւնը անոր խոստացաւ, եթէ կրօնափոխութեան գործը գլուխ հանէր։
Վասակ ամէն գնով կ’ուզէր փրկել իր հայրենիքը։ Չէր ուզեր, որ արիւն թափուէր, որովհետեւ պարսիկները շատ զօրաւոր էին։
Իր նպատակն էր ապստամբութիւն կազմակերպել վրացիներու եւ աղուաններու հետ եւ օգնութիւն խնդրել բիւզանդացիներէն, լաւ պատրաստուիլ եւ յետոյ միայն ապստամբիլ։
Ասոր համար Վասակ Սիւնի ամէն ջանք ըրաւ, որ լաւ չպատրաստուած ապստամբութիւնը կանգնեցնէ եւ պատերազմէ խուսափի … բայց պատահեցաւ ճիշդ հակառակը, այսինքն՝ ճակատամարտ եղաւ հայոց եւ պարսիկներու միջեւ, Վարդան Մամիկոնեան նահատակուեցաւ։ Սկսած էր Վարդանանց պատերազմը։
20 Յունիս 2020