ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Փաչամամա

«Դաւանանքը ինչ ծագում էլ ունենայ, ազգայնանում է ժամանակի ընթացքում եւ ազգայնանալուց յետոյ ինքը դառնում է մի նոր ազգային տարր»։

Քաջազնունի, «Ազգ եւ հայրենիք», Երեւան, 2008, էջ 56

Ցոլինէ Մարի, դեղագործ

Անտի լեռնաշղթայի երկայնքին ապրող Հարաւամերիկացի հնդիկները, յատկապէս այմարա եւ քեշուա համայնքի պատկանողները, երկար դարերէ ի վեր հաւատացած են բազմաթիւ աստուածներու։ Անոնց ամենակարեւոր աստուածներէն մէկն է Փաչամաման, որ մայր հողի աստուածուհին է, պաշտպանն է պտղաբերութեան եւ բերքահաւաքի։ Հասկնալի է անոր կարեւորութիւնը այս ժողովուրդին համար, որ դարերով ապրած է հողագործութեամբ եւ անասնապահութեամբ։

Ռոպերթօ Մամանի Մամանի, պոլիվիացի նկարիչ

16-րդ դարուն սպանացիները Հարաւային Ամերիկա հասան տեղացի ժողովուրդներուն քրիստոնէութիւն աւետարանելու առաքելութեամբ։ Անոնք պարտադրեցին քրիստոնէութիւնը եւ փորձեցին մոռցնել ժողովուրդին կրօնքը։ Սակայն, տեղացիները ընդունելով հանդերձ կաթոլիկ դաւանանքը, չհրաժարեցան իրենց աստուածներէն եւ ժամանակի ընթացքին երկու կրօնքները միաձուլուեցան։

Անտի մէջ հնդկական աստուածները ձուլուեցան քրիստոնեայ սուրբերու եւ աստուածութեան։ Փաչամաման ընդունեց Մարիամ աստուածածնի նկարագիրը (ինչպէս Անահիտը՝ հայերու քով), արեւի աստուած Ինդին՝ Քրիստոսի նկարագիրը, իսկ Թիօ Սուփայը՝ սատանայի։

Փաչամաման պաշտպան աստուածութիւնն է լեռներու, վայրի բնութեան, ինչպէս նաեւ ճամբորդներու։ Իր շնորհած պաշտպանութեան դիմաց, իբր շնորհակալութիւն, ընկերային եւ մշակութային միջոցառումներու ընթացքին ժողովուրդը նուիրաբերումներ կը կատարէ անոր, քանի որ եթէ բաւարարաչափ չսունացանէ զայն, ան կրնայ հիւանդութիւններ եւ վատ հունձք պատճառել։  

Փաչամամային  կը նուիրաբերուին գլխաւորաբար քոքայի տերեւ, որ խորհրդանշական մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, ինչպէս նաեւ լամայի սաղմեր։ 

Փաչամամային նուիրուած սաղմնային լամաներ

Պոլիվիոյ մէջ կան աշխարհագրական երեք պատճառներ, որոնք արգելակեցին սպանացիներուն աւետարանչական առաքելութեան կատարեալ յաջողութիւնը. առաջինը՝ Պոլիվիոյ լեռնային երկիր ըլլալն է, երկրորդը՝ վայրի կենդանիներու գոյութիւնը (օրինակ՝ առիւծակատու- puma), երրորդը՝ Ամազոնեան  անտառները։    

14 Յունիս 2025

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *