Նկարին մասին հեղինակին լուսաբանութիւնը.
Անձնական զարգացումը կը խորհրդանշուի գիրքերով, որոնք կեանքին առջեւ կը բանան պատուհաններ։ Անոնց միջոցով կը ստանանք իմաստութիւն ու մխիթարութիւն, խորհրդանիշը՝ աղաւնին։ Յաւերժութեան նշանը անվերջ զարգացումն է, իսկ ստորագրող ձեռքը Շայիրին մելանը։
ԾԻԾԵՌՆԱԿ
Շայիրին Մելանը. մասնագիտութիւն` Միջազգային յարաբերութիւն եւ պատմութիւն
Ընկերային յաջողութիւն
Ընկերային յաջողութիւնը կրնայ տարբեր նշանակութիւններ ունենալ ըստ ժամանակի, երկրի, անձի եւ ըստ ընկերային, անհատական, մասնագիտական համածիրի։
Շատ երիտասարդներու համար ընկերային յաջողութիւնը կ’անցնի ընկերային ցանցերէն, մանաւանդ ինստակրամէ´ն (instagram)։ Ընդհանրապէս, ընկերային յաջողութիւն ըսելով ա´յս յաջողութիւնն է, որ ցոյց կը տրուի։ Ոմանց համար ընկերային յաջողութիւնը անձնասիրական նպատակ դարձած է, ուր «ցոյց»ը կամ «ցուցադրութիւն»ը միջոց մըն է ուրիշներու վրայ իրենց գերազանցութիւնը փաստելու։ Այս ցոյցի պէտքի աղբիւրը, իրականութեան մէջ, ուշադրութիւն գրաւելու փափաքն է։ Այս փափաքն է, որ զանոնք կը սնուցանէ։
Յաջողութիւնը ամէն մէկուս համար նշանակութիւն մը ունի։ Բայց եթէ նկատի առնենք ընկերային եզրը, պէտք է հաւաքուինք մեծամասնութեան ընդունած նշանակութեան շուրջ, թէ ոչ՝ մաս չենք կազմեր ընդհանուրին։ Այս է որ իմաստ կու տայ ընկերային հասարակութեան․ հաստատել եւ բաժնեկցիլ նոյն արժէքները եւ այդ ձեւով ընկերակցիլ ընդհանուրին։
Քանի որ մարդը ընկերային էակ է, ընկերային յաջողութիւնն ալ պէտք մըն է։ Ընկերային յաջողութիւնը կը ստեղծէ մրցակցութիւն, նախանձ կամ հակառակը՝ գնահատանք, հիացում։ Երբ մէկը իր կեանքը միւսներուն կը համեմատէ, այդ փնտռտուքին մէջ ինքզինքը կը կորսնցնէ։ Ներկայ աշխարհին մէջ, ինստակրամը եւ ընկերային ցանցերը կը քաջալերեն մարդոց համեմատութիւնը եւ անոր առնչուած հիասթափութիւնը։ Այն ատեն կրնանք ըսել՝ ձեւով մը, որ ընկերութեան մէջ անձին ձեռք բերած արժեւորումը իր անհատական արժէքին կ’ազդէ։ Սակայն, շատ ափսոս է ամբողջ յոյսը, երջանկութիւնը եւ մանաւանդ արժէքը փնտռել եւ գտնել ընկերային միջավայրին մէջ։
Այս պատճառներով կարեւոր է շեշտել եւ յիշեցնել համացանցային գործիքներու վտանգները մասնաւորապէս երիտասարդներու եւ պատանիներու համար, երբ անձնաւորութիւնը դեռ կառուցման ընթացքի մէջ է։ Նշենք նաեւ, որ հեռաձայններու գերգործածումի վտանգներուն նուիրուած կան բազմաթիւ գիտական աշխատանքներ:
Ընկերային յաջողութիւնը պէտք է մղումի ու ոգեշնչման միջոց մը ըլլայ ինքզինք զարգացնելու ու իր կեանքէն գոհ ըլլալու համար։ Եթէ յաջողութիւնը նկատի առնենք անհատական գետնի վրայ, իմ կարծիքովս աւելի խաղաղ կ’ապրինք, որովհետեւ ապահով կ’ըլլանք ընկերային ճնշումէն։
Հապա ի՞նչ ըսենք անյաջողութեան մասին։ Շատ յաճախ կը կեդրոնանանք յաջողութեան վրայ, բայց կը մոռնանք որ անյաջողութիւնը մաս կը կազմէ յաջողութեան, եթէ լաւապէս կը գիտակցինք ատոր։ Ընկերային միջավայրի մէջ ընդունուելու կամ յարգուելու համար ընդհանրապէս յաջողութիւնը արժէքաւոր է։ Այս պատճառով աւելի դիւրութեամբ կ’ուղղուինք դէպի այն բաները, որոնք հաւաքական լուռ հասկացողութեան մէջ ընդունուած են իբր ընկերային յաջողութիւն։ Որքան ալ յայտարարենք որ դրամը երջանիկ չի դարձներ, պէտք է ընդունիլ, որ դրամը իր կարեւորութիւնը ունի։
Կարելի՞ է «ընկերային յաջող» մէկը անյաջող սեպել։ Այո, որովհետեւ մարդիկ շատ դիւրութեանբ կրնան ստել իրենց ընկերային յաջողութիւնը, մանաւանդ ընկերային ցանցերու վրայ։ Իմ կարծիքովս ընկերային յաջողութիւնը երբեմն կեղծ ձեւ մը ունի, առաւել եւս այսօրուան աշխարհին մէջ, ուր տնտեսութիւնը դժուար ժամանակէ կ’անցնի։ Ամէն մէկս կ’ուզենք յաջողիլ, յաջողած ըլլալ։ Բայց եթէ աւելի բնական ընդունուի անյաջողութիւնը, ընկերային յարաբերութիւնները աւելի խաղաղ, աւելի մարդկային կ’ըլլան։ Յաջողութիւնը երբեք կատարեալ չըլլար, միշտ կրնանք մեր վրայ աշխատիլ ու զարգանալ, միայն թէ յոյսով եւ խաղաղութեամբ լեցուած ըլլանք թէ´ ուրիշներու, թէ´ մենք մեզի հանդէպ։
15 Նոյեմբեր 2025
3 Responses
“Բայց եթէ աւելի բնական ընդունուի անյաջողութիւնը, ընկերային յարաբերութիւնները աւելի խաղաղ, աւելի մարդկային կ’ըլլան” Ինձ շատ է դուր գալիս այս արտահայտությունը, և ես շատ համաձայնեմ :
Ընկերային ցանցերը` կրնան գործածուիլ ներշնչման եւ բարելաւման համար։ Օրինակ` ինսթակրամի վրայ` իրենց ստեղծագործութիւնները ցուցադրած` բոլոր արուեստագէտները։ Հիացում եւ ներշնչում բարելաւուելու, որոշ ասպարէզի մը մէջ։ Միշտ նախանձ եւ ուրիշ բացացական զգացումներ, պէտք չէ ներշնչեն։ Մէկու մը յաջողութիւնը որոշ ասպարեզի մը մէջ` ուրախութիւն կը ներնշնջէ. թէ` մէկը աշխատանքով եւ հարատեւութեամբ` կրնայ ինքզինքը գերազանցելով կրնայ հասնիլ իր լաւագոյնին։
Ընկերային ցանցերը` կրնան գործածուիլ ներշնչման եւ բարելաւման համար։ Օրինակ` ինսթակրամի վրայ` իրենց ստեղծագործութիւնները ցուցադրած` բոլոր արուեստագէտները։ Հիացում եւ ներշնչում բարելաւուելու, որոշ ասպարէզի մը մէջ։ Միշտ նախանձ եւ ուրիշ բացացական զգացումներ, պէտք չէ ներշնչեն։ Մէկու մը յաջողութիւնը որոշ ասպարեզի մը մէջ` ուրախութիւն կը ներնշնջէ. թէ` մէկը աշխատանքով եւ հարատեւութեամբ` կրնայ ինքզինքը գերազանցելով հասնիլ իր լաւագոյնին։