
Վաչէ Կէնէճեան – ելեւմտագէտ
Համաշխարհայնացում – տարբերութիւն – ազգային ինքնութիւն
Համաշխարհայնացում
Համաշխարհայնացումի դանդաղ մուտքը մեր ընկերութեան մէջ, սկսաւ զայն դարձնել միատարր, ուր մարդիկ նոյն եւ նման ձեւով կ’ապրին, կը մտածեն եւ կը գործեն։ Կը սկսի տարածուիլ այն միտքը, որ ամէն մարդ նոյնն է ամէն տեղ։ Մենք մեզի հարց կու տանք. հա՞պա անոնք որ տարբեր ձեւով կը մտածեն…։
Կը նկատեմ, որ եթէ մէկը ունի կարծիք մը, որ համապատասխան չէ դրուած սիստեմին, այն անձը ուղղակիօրէն կը համարուի հակառակորդ, ընկերութենէն մէկդի կը դրուի եւ կը մեկուսացուի։ Այս բանը յստակօրէն կը տեսնենք քաղաքականութեան մէջ. կը նկատենք, որ քաղաքական կարգ մը անհատներ տեղ չեն գտներ մամուլին մէջ իրենց կարծիքը տալու, նոյնիսկ անոնց կ’արգիլուի յայտնուիլ youtube-ի կամ tiktok-ի վրայ, որովհետեւ վտանգաւոր կը համարուին։
Երբ տարբեր տեսիլք ունինք, մենք մեզի պէտք է հարցնենք՝ անպայման մեծ ջա՞նք պէտք է ընել միւսներուն կողմէ հասկցուելու համար։
Երբ ես եմ տարբերը
Չեմ կարծեր, որ պէտք է ջանք թափեմ եւ փորձեմ ինքզինքս պարտադրել, կամ իմ կարծիքս առաջ քշել։ Կը տեսնենք օրինակները կարգ մը մտաւորականներու, ըլլան բանաստեղծ կամ գրող, որոնք ամբողջ կեանքի ընթացքին պաշտպանած են իրենց կարծիքները, պայքարած են անոնց համար եւ իրենց կեանքի վերջին օրերը ապրած են ընկերութենէ հեռու, առանձին, ոմանք ալ անձնասպան եղած են։
Ազգային ինքնութիւն եւ ներքին տարբերութիւններ
Երբ ժողովուրդ մը կամ համայնք մը ունի նոյն գաղափարախօսութիւնը, կը բաժնէ նոյն զգացումները եւ նոյն արժէքները, կը խորհիմ, որ իրենք իբր մէկ, պէտք է ջանք թափեն, որ ներքին պզտիկ տարբերութիւններուն վրայ չծանրանան եւ միասին իբր մէկ՝ յառաջ երթան։ Այսինքն՝ շեշտը չդնեն մանրուք տարբերութիւններուն վրայ։ Ըստ իս, հայ ազգին մեծ սխալը այս է. փոխանակ միասին նոյն նպատակին համար աշխատին, մանրուքներով ժամանակ կ’անցընեն։ Հակառակ անոր, որ բոլորս ունինք նոյն արժէքները եւ սկզբունքները, ձախողեցանք ստեղծել միաբանութիւն։ Իմ կարծիքովս, ասիկա մեզ կը տանի դէպի կորուստ։
Առնենք քրիստոնէութեան օրինակը։ Քրիստոնէութիւնը քանի մը ճիւղեր ունի, առաքելականներ, աւետարականներ, բողոքականներ, կաթոլիկներ եւ այլ դաւանանքներ։ Բայց կը նկատենք, որ հակառակ այս տարբերութիւններուն, կը միանան բոլորը երբ ուրիշ տեղէ մեծ վտանգ սպառնայ։ Միասնաբար կ’աղօթեն պատերազմներու ատեն, միասին օգնութեան կը հասնին նեղութեան մէջ գտնուողներուն, մարդասիրական գործունէութիւն կը տանին միասին։ Այս բոլորը՝ «քրիստոնէական հաւատքը լաւ ապրելու» համար, նոյնիսկ եթէ «լաւ քրիստոնեայ» ըլլալու նշանակութիւնը վիճաբանութեան դուռ կրնայ բանալ։ Այս նիւթին մասին այլ առիթով կարելի է խօսիլ։
Երբ կ’ակնարկեմ հայ ազգի միասնութեան, այս տեսակ միասնութեան մասին է խօսքս։ Հակառակ մեր տարբերութիւններուն, պարտաւոր ենք մենք մեզ գերազանցել, որպէսզի կարենանք կեդրոնանալ աւելի կարեւոր նպատակներու վրայ, դէմ դնելու համար մեծ վտանգներու, որոնք կը սպառնան հայ ազգին։ Տեղին կ’ըլլար օր մը քննարկել նաեւ հետեւեալ նիւթը. հայկական սփիւռքին իսկական եւ ուժեղ միաբանութեան ազդեցութիւնը Հայաստանի վրայ։
6 Ապրիլ 2025