ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Լեզուն՝ ազատութիւ՞ն, թէ՞ կաշկանդում. մաս Բ.

Pieter_Bruegel_the_Elder_-_The_Tower_of_Babel_(Vienna)_-_Google_Art_Project_-_edited

Էօժէնի Պոսնոյեան, թարգմանիչ

Թարգմանութիւնը որպէս նոր հորիզոններու բանալի

Լեզուներու մասին վէճերն ու քննարկումները սկսած են դեռ հին դարերէն: Շատ մասնագէտներ կը պնդեն, թէ նոր լեզուներ սորվիլը կ’օգնէ բացայայտելու նոր հորիզոններ. այստեղ, գլխաւոր հարցադրումն այն է, թէ արդեօ՞ք որոշ լեզուներ կը սահմանափակեն մարդը՝ արտայայտուելու որոշ նիւթերու ծիրէն ներս:

Հայոց պատմութեան էջերը հարուստ են, ինչպէս գիր ու գրականութիւնը արժեւորող, այնպէս ալ թարգմանական արուեստը բարձր գնահատող արքաներով: Վառ օրինակ է Թագուհի Թարգմանութեանցը, որ փաստած է, թէ մեր լեզուն ճկուն է եւ բաց՝ լեզուական ու իմաստային նորութիւններու դիմաց:

Այսպիսով, առաջին գործօնը, որ կը սահմանափակէ մարդը մտածելու եւ արտայայտուելու իր ընտրած նիւթին մասին տուեալ լեզուով՝ այդ լեզուի բառապաշարին ու մտածողութեան չտիրապետելն է: Ես՝ ծնած ըլլալով Սուրիա, դպրոցական բոլոր դասանիւթերը սորված եմ արաբերէն լեզուով: Հայաստան տեղափոխուելէս ետք, այդ նույն դասանիւթերը սորվեցայ հայերէն լեզուով եւ այս մէկը ինծի օգնեց, որ այդ ոլորտներու մէջ եւս հայերէն մտածեմ, օրինակ՝ կենսաբանութեան ոլորտին մէջ:

Երկրորդը՝ լեզուակիրներու մշակոյթի մօտեցումն է թարգմանական արուեստին հանդէպ: Այն մշակոյթները, որոնք չեն ուզեր զարգանալ, ընդլայնիլ, բացայայտել նոր հորիզոններ, թարգմանել օտար լեզուներէ եւ այդ լեզուներէն ընդունիլ փախառութիւններ ու բառեր, կը լճանան ու կը դառնան ոչ ժամանակակից:

Երրորդ գործօնը կախուած է այն բանէն, թէ ժողովուրդը որքանով կը կիրառէ ու շրջանառութեան մէջ կը դնէ լեզուաբան թարգմանիչներու առաջարկած նորամուծութիւնները: Այս առումով, անհրաժեշտ է բարձրացնել ընթերցողներու թիւը: Գիրքը լաւագոյն միջոցն է բառապաշարը ընդլայնելու եւ լեզուամտածողութիւնը ամրապնդելու համար:

Ի վերջոյ, կ’ուզեմ շեշտադրել հայերէնի դերն ու կարեւորութիւնը, որ դարերու ընթացքին եղած է յարատեւ աճող ու ապրող լեզու, շատ յաճախ նոյնիսկ բաց ըլլալով այլ մշակույթներու եւ լեզուներու նկատմամբ՝ փոխառած է բառեր, օրինակ՝ պարսկերէնէ ու յունարէնէ, ինչպէս նաեւ այդ լեզուներուն տուած է բառեր: Հայերէնը կրնայ շարունակել իր զարգացումը եթէ շեշտը դնէ թարգմանութեան վրայ:

26 Հոկտեմբեր 2024

Ալիսա Իգիթեան, կենդանապատկերներու ծրագրաւորող

Լեզուական տեղաշարժ

Առաջին միտքը, որ կ’ունենամ այս է. հայերէն լեզուն արգե՞լք է մեր մտքի ազատութեան, թէ՞ կը զարգացնէ մեր հոգին։ 

Այսօր, չենք կրնար աչքերնիս փակել այն երեւոյթին դիմաց, որ հայերէնի կամ որեւէ լեզուի մէջ նոր բառգիրք կը շինենք եւ կարծես նոր լեզու կը ծնի։ Այս նոր լեզուի ստեղծման պատճառները պէտք է փնտռել համաշխարհայնացման երեւոյթին մէջ։

Մարդիկ կը գաղթեն տարբեր պատճառներով եւ իրենց հետ կը տեղափոխեն իրենց մշակոյթը, տեղային լեզուն, ճաշերը …։ Նոյնպէս համացանցը, ընկերային ցանցերը եւ հեռախօսները մեզի թոյլ կուտան աւելի շատ փոխանակելու մեր միտքերը եւ գիտելիքները։

Ի հարկէ, ժամանակակից մեր դարուն է որ մարդ ամենաշատ տեղաշարժը ունեցաւ։ Թէ՜ հողային առումով, թէ՜ համացանցի վրայ մենք անընդհատ կը շարժինք եւ փոխանակումի վրայ ենք։ Զարմանալի չէ, որ լեզուն ալ փոխուի։

Տամ իմ անձնական օրինակս։ Ան կամ որուն ծնողքը որ ապրած է Խորհրդային Միութեան ժամանակ, լաւ գիտէ, որ այդ հանրապետութիւններուն մէջ ռուսերէնը շատ ներկայ էր (մինչեւ հիմա ալ ներկայ է) մեր մշակոյթէն ներս։ Այդ պատճառով կ’օգտագործենք ռուսերէն շատ բառեր։ Ես բախտաւոր կը զգամ, որ գիտեմ տարբեր լեզուներ՝ ռուսերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն, հայերէն։ Անոնց շնորհիւ ես սորվեցայ տարբեր լեզուներու նրբութիւնները։ Բայց, այդ պատճառով է նաեւ, որ կը խառնեմ ինծի ծանօթ լեզուները եւ այս պարագան  ինծի համար բարդութիւններ կը ստեղծէ։

Լեզուներու այս խառնուրդով կը ստեղծուի հայերէնի նոր լեզուաշերտ, որ կը վտանգէ հայերէնի լեզուական միացումը։ Պարզ է, բայց տարբեր լեզուներ ունին բառեր եւ բառերու տարբեր իմաստներ, որոնք ես հայերէնով չեմ գտներ։ Օրինակ, ռուսերէնով հումոր բառը յատուկ իմաստ ունի եւ այդ աւելի հասկնալի է ինծի, իսկ թրքերէնը, պատմութեան պատճառով, վատ զգացողութիւն կը ներշնչէ ինծի։

Եզրակացնեմ ըսելով, որ ամէն լեզու ունի իր ինքնութիւնը եւ իր մէջ կը կրէ տարբեր շերտեր եւ իմաստներ։ Իսկական հարցումը այս է. կ’ընդունի՞նք լեզուին ինքնութիւնը։   

2 Դեկտեմբեր 2024

Facebook
Twitter
LinkedIn

2 Responses

  1. Հետաքրքրական գրութիւններ։
    Նիւթ մը` որ ինծի միշտ յուզած է, լեզուի մտածելակերպն է։ Կարծեմ` մէկը երբէք չի դադրիր մտածելէ իր մայրենի լեզուով։ Իմ մայրենի լեզուս Ֆրանսերէնն է։ Յետագային սորվելով կամ աւելի ճիշտ` փորձելով կատալեգործել հայերէնս, պահած եմ ֆրանսերէնի դրոշմած` նախադասութեան կառուցուածքը եւ թերեւս մտածելակե՞րպը։ Լեզուի փիլիսոբայութեան եւ ծագումնաբանութեան հետ կապ ունեցող նիւթեր են։
    Նորէն` շնորհակալութիւն Ծիծեռնակին, իր տարած աշխատանքին եւ բոլոր մասնակիցներուն գրութիւններուն համար։
    Ք.Տ

  2. Շնորհակալ ենք, Քաթրին այս մտորումներդ այստեղ գրելուդ եւ մեր երիտասարդներուն հետ բաժնելուդ համար։ Անձնական օրինակդ ամենէն քաջալերական երեւոյթն է այս նիւթին մասին մտածել տալու համար։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *