ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

լեզուն՝ ազատութիւ՞ն, թէ՞ կաշկանդում. մաս Ա.

Չորեքշաբթի, 2 Հոկտեմբեր 2024-ին La Grande Librairie ֆրանսական հեռատեսիլային գրական հաղորդումը նուիրուած էր Ֆրանսախօսութեան (francophonie)։ Հրաւիրուած էին ֆրանսագիր օտար գրողներ, որոնցմէ մէկը՝ աֆղան գրող Աթիք Ռահիմին (Atiq Rahimi)։ 

Ծիծեռնակի ու Յառաջ կեդրոնի երիտասարդները, ներշնչուած՝ մի քանի վայրկեան տեւած իր ելոյթէն, մէկտեղուեցան 20 Հոկտեմբերին, բանավիճելու հետեւեալ նիւթին շուրջ. մեր լեզուն կ’ազատագրէ՞, թէ՞ կը կաշկանդէ մեր միտքը։

Ահաւասիկ, մի քանի մասով՝ երիտասարդներուն արտայայտած միտքերը։ Բայց նախ՝ Աթիք Ռահիմիին խօսքը։

ԾԻԾԵՌՆԱԿ

Հայերէնով կը կարդայ Անուշ Պանիքեան, ծրագրաւորող

Ներէ ինծի, մա΄յր

Մտիկ ընելու համար Աթիք Ռահիմիի ֆրանսերէն խօսքը, սեղմել Բնաթեքսթին.

Գայանէ Տումանեան, հոգեբան

Հայերէնը միտքի ազա՞տ, թէ՞ սահմանափակ տարածք է

Գրող Աթիք Ռահիմիի խօսքերը դուռը բացին հետաքրքրական խօսակցութեան մը։ Արդեօ՞ք լեզու մը կրնայ կաշկանդել կամ արտօնել մեր ազատ եւ անկեղծ արտայայտութիւնը։

Հայերու մեծամասնութիւնը քանի մը լեզուներ խօսելու բախտը ունի մինչեւ հիմա։ Իր գաղթած երկիրները, ըլլայ արեւելեան, ըլլայ արեւմտեան կողմը աշխարհի, իր առջեւ բացած են նոր հորիզոններ եւ տարբեր մշակոյթներ։ Ժամանակի ընթացքին, նոր սերունդները սկսան որդեգրել երկրորդ մշակոյթը, սորվիլ նոր լեզուն, երբեմն իրենց  մայրենի լեզուէն առաջ եւ սկսան շատ աւելի հանգիստ ձեւով արտայայտուիլ օտարութեան մէջ։ Ի վերջոյ, կը նախընտրեն արտայայտուիլ այդ նոր լեզուով, որովհետեւ այն իրենց առջեւ կը բանայ նոր ձեւի ազատութեան մը դուռը։

Մէկ կողմէն, դժուար է զիրենք մեղադրելը։ Հարկաւ, հայն ալ ունի հարուստ մշակոյթ, հազարամեայ պատմութիւն եւ բացառիկ արուեստագէտներ, որոնք կրնան ներշնչել մեզ, մանաւանդ սփիւռքի մէջ, դեռ հարիւրաւոր տարիներ։

Ոչ, մշակոյթի պակասութեան խնդիր չէ։

Իրապէս, շատերուն համար հայերէնը ապստամբութեան լեզու չէ։ Սահման ճեղքելու լեզու չէ։ Ներքին կամ մտերիմ գաղափարներ արտայայտելու լեզու չէ։

Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ հայերէնը Գրիգոր Նարեկացիին լեզուն է, Աստուծոյ օգնութեամբ Մեսրոպ Մաշտոցին ստեղծած տառերուն լեզուն է։ Եթէ ընդունինք, որ հայերէնը ժողովուրդին ներկայացուած է իբրեւ սուրբ լեզու, ուրեմն մենք պէտք է զայն պաշտպանենք, վերէն ինկած գանձի մը նման, որմէ կախեալ է մեր գոյութիւնը։ Իբրեւ հայ մեր դերը մինչեւ հիմա եղած է անխաթար պահել լեզու մը, որ միշտ ապրած է սպառնալիքներու տակ։

Ճիշտ է, որ մեր պատմութիւնը մեզ ստիպած է աւելի պաշտպանողական   մօտեցում մը որդեգրել մեր լեզուին հանդէպ, քան ազատ յարաբերութեան։ Եւ որովհետեւ հայերէնը մեր մշակոյթը պաշտպանելու լեզուն է, կը թուի որ աւելի ժամանակ անցուցած ենք պահպանելով հինը, քան կեդրոնանալով լեզուի կարողականութեան վրայ։

Լեզուի մը ազատութեան կամ խեղդումի գաղափարները գոյութիւն ունին միայն այդ լեզուին հանդէպ ժողովուրդին զգացումներուն եւ աշխարհին հետ անոր վերաբերութեան մէջ։ Լեզու մը, ինքնին, չունի ժողովուրդի մը վրայ ուժ կամ զգացումներ։

Լեզուն կենդանի ըլլալու համար պէտք ունի խօսուելու, կարդացուելու եւ գրուելու, ո՜չ թէ որպէսզի ապահովուի իր յաւիտենական գոյատեւումը, այլ որպէսզի ժողովուրդը ունենայ գործիք մը արտայայտելու իր ազատ միտքը եւ զգացումը։

Այս վերջին կէտը կարեւոր է։ Լեզուն չէ որ արգելք կը հանդիսանայ այս ազատութեան։ Իր ժողովուրդն է։ Աւելի ճիշդը, ժողովուրդին զգացումները լեզուին հանդէպ։ Հայերէնը պէտք է դառնայ միջազգային գործիք մը, ամենէն անհրաժետը մեր եւ եկող սերունդներուն համար։

Հարկա՜ւ հիանանք մեր տառերով, հպարտութեամբ կախենք այբուբենը մեր տուներու պատերուն, շարունակենք պատմել Մեսրոպ Մաշտոցի մասին եկող սերունդներուն, որ հասկնան մեր պատմութեան եզակիութիւնը, բայց նոյն ժամանակ, հարստացնենք հայերէնը նոր բառերով (որ իրապէս պէտք ունի), ազատենք լեզուն մեր սորված մտապատկերներէն եւ թոյլ տանք, որ գործածողներուն համար ըլլայ շատ աւելի ազատարար լեզու։Կ’երազեմ ուրիշ աշխարհ մը, ուր մեր լեզուի հորիզոնը այնքան լայն ըլլայ, որ օտարները նախանձին եւ նախընտրեն արտայատուիլ հայերէնով։ 

28 Հոկտեմբեր 2024

Facebook
Twitter
LinkedIn

2 Responses

  1. Հայերէնը լեզուն` անսահման կարելիութիւններ կ’ընդձեռէ գործածողին։ Ան` արդիական է եւ ճկուն։ Միշտ` պահանջը զգացած եմ, ամենէն անձնական խոհերս այդ լեզուով արտայայտելու, որովհետեւ խորունկութիւն մը ունի, որ ֆրանսերէնը չունի։ Թէքէեանի մօտ” իր աւելի անձնական բնոյդ ունեցող բանաստեղծութիւններու մասին է խօսքը”, գտած եմ` հայերէնի այնպիսի արտայտութիւն մը, որ ինծի համար կը
    գերազանցէ` ամենամտերիմ ֆրանսացի գրողներուս հետ ունեցած յարաբերութիւնը։ Ո’չ միայն, որովհետեւ հայ եմ։ Արեւմտահայերէնը մանաւանդ` այնպիսի ճկունութիւն մը ունի, որ կրնայ արտայայտել մարդուս ամենայ խորը եւ այլազան զգացումները եւ միտքերը։
    Շնորհակալութիւն` Ծիծեռնակ։ Միշտ հաճոյքով կը կարդամ ձեր դրդիչ հրատարակչութիւնները։

  2. Քաթրին, շնորհակալ եմ ձեր պատասխանին համար։ Միշտ հետաքրքրական է տարբեր կարծիքներ կարդալ, մանաւանդ երբ կու քան սփիւռքէն։
    Կ՚ուզէի սակայն երկու կէտ յստակացնել։
    – Չեմ հաւատար որ լեզուները կրնան բաղդատուիլ։ Ինչպէս նաեւ մշակոյթները։ մէկը միւսէն լաւ չէ։ Տարբեր դուրեր կը բանան ժողովուրդին։
    – Լեզուն գործիք մըն է։ Եւ ինչպէս բոլոր գործիքները որ կը գործածենք մեր առօրեայ կեանքին մէջ, կը զարգանան ժողովուրդի մը պահանջքներուն համեմատ։ Լեզուի մը խորունկութիւնը միայն գոյութիւն ունի իր ժողովուրդին զգացումներուն միջեւ։ Կը կարծեմ որ հայերէնի մօտեցումը շատ աւելի զգացումներու վրայ հիմնուած։ Եւ այն մօտեցումը կը սահմանափակէ ժողովուրդի մը ազատութիւնը։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *